Վերջին ժամանակներուն շատ կը լսենք, որ Պէյրութի մէջ երիտասարդ հասակներ իրենց կեանքը կը կորսցնեն սրտի տագնապի հետեւանքով։
Անոնցմէ է Սեւակ Սարգիսեանը , որուն սիրտը դադրեցաւ գործելէ միայն օրեր առաջ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, որ ոչ մէկ առողջական լուրջ խնդիր ունեցած էր ու կը շարունակէր իր կեանքի պայքարը պահելու համար իր երիտասարդ ընտանիքը։
Երիտասարդ տարիքէն ան նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ ըրած է ամէն ինչ արժանապատիւ կեանք մը պարգեւելու իր ընտանիքին։ Ամիսներ առաջ կը բոլորէ ցնցումային ծանր օրեր, պարզ այն պատճառով, որ անոր հայրը կը հիւանդանայ ու հակառակ գործադրուած մեծ ճիգերուն կը կորսցնէ իր կեանքը։ Հօրը տխուր մահը վերջին հարուածը կ՚ըլլայ 31 տարեկան Սեւակին, որ կերպով մըն ալ ճարահատեալ կը հեռանայ այս կեանքէն։
Պէյրութի ընկերային- տնտեսական ծանր օրերը նաեւ իրենց արձագանգը կ՚ունենան մեր երիտասարդ հայրենակիցներու առաօրեային վրայ ու չի բացառուիր, որ սրտի տագնապին զոհ մահացած է ամէնօրեայ կորուստներուն, անորոշութեան ու ցաւին պատճառով։