Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան եւ Հայաստանի հանքագործներու եւ մետաղագործներու միութեան միջեւ Հոկտեմբեր 17-ին, Ծաղկաձորի մէջ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր՝ լեռնահանքային եւ մետաղագործական ոլորտի վերլուծական կեդրոնի (think tank) ստեղծման ուղղութեամբ համագործակցութեան վերաբերեալ։
«Արմէնփրէս»ի թղթակիցը իրադարձութեան վայրէն հաղորդած է, որ նախապէս ստորագրուած փաստաթուղթերը «Մայնինկ Արմենիա 2026» համաժողովին ընթացքին փոխանակեցին Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանն ու վերոնշեալ միութեան նախագահ Վարդան Ջհանեանը։
Կեդրոնը պիտի ծառայէ որպէս հետազօտութիւններու, քաղաքականութեան վերլուծութեան եւ պետական ու մասնաւոր հատուածներու երկխօսութեան համատեղ հարթակ՝ նպաստելով հիմնաւորուած որոշումներու կայացման եւ ոլորտի կայուն զարգացման։
Աւելի վաղ, իր ելոյթին մէջ, Վարդան Ջհանեան յայտարարած է, որ 2027-ին Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը պիտի ապահովէ 3 միլիառ տոլարի արտածում։
