image

Հալէպ.Ներկայացուեցաւ Լեւոն Շառոյեանի նոր գիրքը՝ «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ»

Հալէպ.Ներկայացուեցաւ Լեւոն Շառոյեանի նոր գիրքը՝ «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ»

Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան Հալէպի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Կիրակի, 11 Հոկտեմբեր 2026-ին, Հալէպի ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրականագէտ եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի «Հայ Գիրի Եւ Մշակոյթի Տարօնցի Սպասաւորներ» նորատիպ հատորին շնորհանդէսը։

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեան, Ազգային Վարչութեան եւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնած միութեան անդամներ եւ հրաւիրեալներ։

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով։ Օրուան բանախօսուհի Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան ներկայացուց հատորին բովանդակութիւնն ու պատմամշակութային արժէքը՝ ընդգծելով անոր նշանակութիւնը Տարօնի հայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ։

Հեղինակ Լեւոն Շառոյեան յայտնեց, որ հատորը երկարատեւ հետազօտական աշխատանքի արդիւնք է եւ կը ներկայացնէ շուրջ 90 նշանաւոր դէմքեր, որոնք իրենց գործունէութեամբ նպաստած են հայ գիրի, դպրութեան եւ մշակոյթի զարգացման։

Իր խօսքին մէջ ան կարեւորեց հայրենակցական միութիւններու դերը՝ պատմական յիշողութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան փոխանցման ուղղութեամբ։ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեան եւս գնահատեց հեղինակին ու հրատարակիչ միութեան աշխատանքը։

Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ հայկական աւանդական գինեձօնի արարողութեամբ եւ գիրքին մակագրուած օրինակներու բաշխումով։