image

Պէյրութահայ Ալպէրովիչ՝ վիրաւորուած (Տեսանիւթ)

 Պէյրութահայ  Ալպէրովիչ՝  վիրաւորուած (Տեսանիւթ)

 Պէյրութահայ   երգիչ՝ Ալպէրովիչ (Ալպէր Մոմճեան) երէկ տեղի ունեցած  բողոքի ցոյցերուն ժամանակ վիրաւորուած է։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Ալպէրովիչի դիմատետրի էջէն։

 

 Դէպքին մասին պատմող կարճ տեսանիւթին մէջ (տեսնել ստորեւ) Ալպէրովիչ կը պատմէ, որ ինչ հանգամանքներու տակ վիրաւորուած է, նշելով նաեւ, որ պիտի շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել բողոքի ցոյցերուն։

 

 Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ ան մուտք գործած է հիւանդանոց ու բուժումներ ստանալէ ետք դուրս գալով դարձեալ մասնակից եղած ցոյցերուն։

 

 

 Յիշեցնենք, որ յաճախ ծայրայեղ մօտեցումներով յայտնի Ալպէրովիչ, որ ժամանակ մըն ալ հանդէս կու գար ընկերային իրավիճակը նկարագրող երգերով, վերջին ժամանակներուն անցած է ընկերային վատ վիճակներու մէջ գտնուողներուն օժանդակութիւններ հաւաքելու նախաձեռնութեամբ։