Ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ 2025-ի Մայիսեան ջերմեռանդութեան ԻԳ. օրը, որուն պատգամը փոխանցեց տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան:
Ջերմեռանդութեան միասնաբար ձեռք ձեռքի բռնած աղօթեցին` Մալաթեան, Քէշիշեան, Մեսճեան, Հալլաճեան, Ժամկոչեան, Թութիկեան, Մարտիրոսեան, Կրպոյեան եւ Սարգիսեան ընտանիքները, որոնք ներկայացուցին ժողովրդապետութեան բոլոր ընտանիքները: Իւրաքանչիւր ընտանիք ծաղկեփունջ մը նուիրեց Ս. Խորանին` առ ի երախտագիտութիւն Աստուծոյ` ընտանիք կազմելու մեծ շնորհքին համար:
Նշենք, որ ընտանիքներու նուիրուած այս աղօթքը ամէն տարի պիտի կրկնուի այլ ընտանիքներու մասնակցութեամբ:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն