image

«Պէտք է ճանչնալ եւ գնահատել մեր երիտասարդութիւնը».Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան (Տեսանիւթ)

 «Պէտք է ճանչնալ եւ գնահատել մեր երիտասարդութիւնը».Գերշ. Տ. Խաժակ  արք. Պարսամեան (Տեսանիւթ)

Իսկ չորրորդը՝ յաջորդ սերունդները հայ պահելու պատասխանատուութիւնը: Ամէնէն կարեւորը այսօրուայ մեր երիտասարդ սերունդը  լաւ հասկնալնիս  է։Զանոնք  լաւ հասկնալու համար պէտք է ճանչնանք, եւ գիտնանք թէ օրինակ ամերիկահայ երիտասարդը, կամ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդը, կամ Արժանթինի մէջ ապրող երիտասարդը ինչպէս կը մտածեն, ինչ են  զանոնք  յուզող  հարցերը: Ճանաչելիութիւնը ամէնէն կարեւորն է, եթէ կ'ուզենք երիտասարդ սերունդը հայ պահել եւ հայկական ոգին փոխանցել: Նաեւ գիտենք, որ մեր լեզուն մեր ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է, կ'անդրադառնանք, որ շատ մը տեղեր, կատարեալ կերպով հայերէն լեզուն սորվեցնելը   թերեւս անկարելի կրնայ թուիլ, թերեւս: Բայց ամէնէն կարեւորը, որ հայ երիտասարդը ուր որ  ալ ապրի պէտք է գիտնայ թէ հայ լեզուն, այբուբենը իրն են, գոնէ փորձէ սորվիլ, նախադասութիւններ կարողանայ արտասանել, եւ զգայ թէ իր լեզուն է:

 

Օրերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Ապագայ Հայկականը» համաժողովը: Այս համաժողովը կը համախմբէր  Հայաստանէն ու սփիւռքէն հարիւրաւոր հայ մասնակիցներ քննարկելու հայութիւնը յուզող  ամէնէն կարեւոր հարցերը:

«Ապագայ Հայկականը»-ի պատմական պատասխանատուութեան փորձագիտական յանձնախումբը ներառած է պատմաբաններ, քաղաքագէտներ ու այլ ոլորտի մասնագէտներ: Եւ յանձնախումբի ղեկավարն էր՝ Աստուածաբանութեան դոկտոր, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեան:

Իր   շահեկանութեանը  համար «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանի համաժողովին արտասանած խօսքը։

 

«Նախքան ամփոփումը ներկայացնելը, եթէ կ'արտօնէք, կ'ուզեմ փոխանցել իմ տպաւորութիւնը այս բացառիկ հաւաքին մասին:

 

Նոր կտակարանը կը պատմէ, թէ ինչպէս առաքեալները Քրիստոսի երկինք համբառնալէն ետք, մտահոգ, անտրամադիր, նոյնիսկ յուսախաբ հաւաքուած էին վերնատան մէջ, եւ Ս. Գիրքը կ'ըսէ միասին էին, միախոհ էին, եւ այդ պահուն Ս. Հոգին կրակի նման իջաւ առաքեալներուն վրայ եւ այդ պարզ ձկնորսները աշխարհը փոխեցին: Անոնք ըրին այն ինչ, որ մարդկային մեր հասկացողութեամբ անկարելի կրնայ թուիլ: Այդ Ս. Գրքի պատմութիւնը կը յիշեցնէ մեզ, թէ Աստուած առանց բացառութեան անսահման կարելիութիւններ տուած է մեզի: Բայց որպէսզի մեզի տրուած այդ անսահման կարելիւութիւնները կարողանանք օգտագործել, պէտք է խանդավառուած, դրական եւ իրապաշտ մօտեցումով կարողանանք ապագան ծրագրել: 

 

Ես շատ շնորհակալ եմ «Ապագայ Հայկականը» համաժողովի կազմակերպողներուն, մասնաւորաբար Տիար Արտակ Աբիտոնեանին, որ զիս հրաւիրեց, որպէսզի ես կարողանամ ղեկավարել «Պատմական պատասխանտուութիւն» թեմայի շուրջ 40 փորձագէտներու հաւաքը:

 

Մենք 5 առիթներով կարողացանք իրար հետ խօսիլ, մէկ առկայ եւ չորս առցանց հանդիպումներով: Եւ այդ մասնակցողներէն 11-ը հայրենիք Հայաստանէն էին եւ 14-ը սփիւռքի տարբեր տարբեր գաղութներէ: Իմ համար մեծ  խանդավառութիւն էր տեսնել եւ զգալ, որ այդ հանդիպումներու եւ խօսակցութիւններու ընթացքին մասնակցողները շատ հանգիստ եւ շատ ազատ կերպով իրենց մտքերը փոխանցեցին: Երբեմն այնտեղ հակասութիւններ կ'ըլլային, կամ անհամաձայնութիւններ յայտնուած գաղափարին շուրջ, բայց նոյնիսկ այդ անհամաձայնութեան ընթացքին ես զգացի, թէ յարգանքն ու սէրը այնտեղ ներկայ էին: Եւ ինչ լաւ է որ  մենք հանգիստ ու ազատ կը զգանք ըսելու սրբազան հայր ես ձեր ըսածին համաձայն չեմ, եթէ մէկը ինծի այդ ըսէ, ես կը յարգեմ այդ անձը, որովհետեւ այդ նշան է, որ այդ անձը զիս կը յարգէ եւ իր յարգանքի իբրեւ արտայայտութիւն կրնայ նոյնիսկ համաձայնութիւն յայտնել: 

 

Ես շատ շնորհակալ եմ  փորձագէտներուն, որոնք միասնաբար կարողացան համապարփակ կերպով քննարկել եւ պատմական պատասխանտուութեան չորս դիտարկումներու վրայ կեդրոնանալ:

 

Այդ չորս դիտարկումներէն առաջինը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման  է: Շարունակել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը, ոչ իբրեւ անցեալի հանդէպ մեր պարտքը մատուցանելու նպատակով միայն, այլ նաեւ նոր ցեղասպանութիւններ կանխարգելու միջոցներ գտնելու համար: Ցեղասպանութեան խնդիրը հայ ժողովուրդի եւ հայկական պետականութեան գոյութեան հարցն է: Կարելի չէ խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին նոյն կերպ ինչ նախկին տարիներուն մենք կրցած էինք խօսիլ, նոր մօտեցումներ պէտք է փնտռել, եւ ամէնէն կարեւորը միասնականութեամբ. ինչ որ կը պահանջենք, այդ միասնական պէտք է ըլլայ,  շատ կարեւոր է որ միասնական այդ համաձայնութիւնը մենք կարողանանք գոյացնել: 

 

Երկրորդը՝ Հայաստան եւ Արցախ անվտանգութեան պատասխանատուութեան խնդիրը: Մենք բոլորս ալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պատասխանատու ենք, պատասխանատու ենք հայրենիքի անվտանգութեան եւ Արցախի հարցերու խնդիրներու լուծման: Ինչի՞ առջեւ կանգնած ենք այսօր, ի՞նչ խնդիրներ ունինք եւ ինչպէ՞ս պէտք է լուծենք այդ խնդիրները: Այս երեք հարցումներուն իրապաշտ կերպով պէտք է պատասխանենք,  եւ միասնական ձեւով կարողանանք ռազմավարութիւն ստեղծել այս հարցումներուն պատասխանելու: Պետականութեան պահպանումը ընդհանուր հայկական պատասխանատուութեան հարցն է:     

 

Իսկ երրորդը՝ ժառանգութեան պահպանման եւ ճանաչելիութեան ապահովումն է: Մենք գիտենք, թէ մեր պատմութիւնը, մեր ազգային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը այնքան խորունկ եւ այնքան հարուստ են:  

 

Անցեալ կիրակի Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը ընթերցեցին հայ եկեղեցիներուն մէջ, ուր վեհափառ հայրապետը այս տարին կը յայտարարէ, 850 ամեակը Ս. Ներսէս Շնորհալիին: Մեր պատմութեան մէջ Նարեկացիի նման, Ներսէս Շնորհալիի նման շատ լուսաւոր  անուններ  ունինք: Երբ որ Ներսէս Շնորհալիի կեանքը, անձը, գործունէութիւնը կ'ուսումնասիրենք, իսկապէս կը հիանանք, համաշխարհային անձ է իր մտածելակերպով եւ իր մօտեցումներով:  Ինչո՞ւ մեր երիտասարդ սերունդը պիտի չգիտնայ, թէ  ով է Ներսէս Շնորհալին, որովհետեւ գիտնալով Ներսէս Շնորհալիի անձը, պիտի խանդավառուի, եւ այդ խանդավառութիւնը երիտասարդ սերունդին պիտի տայ գիտակցութիւնը, թէ այո ես Ամերիկա կ'ապրիմ եւ 100 տոկոս ամերիկացի եմ, բայց նաեւ 100 տոկոսով հայ եմ, կամ Ֆրանսա կ'ապրիմ, երրորդ չորրորդ սերունդին կը պատկանիմ, բայց կը զգամ նաեւ 100 տոկոսով հայ:

Իսկ չորրորդը՝ յաջորդ սերունդները հայ պահելու պատասխանատուութիւնը: Ամէնէն կարեւորը այսօրուայ մեր երիտասարդ սերունդը  լաւ հասկնալնիս  է։Զանոնք  լաւ հասկնալու համար պէտք է ճանչնանք, եւ գիտնանք թէ օրինակ ամերիկահայ երիտասարդը, կամ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդը, կամ Արժանթինի մէջ ապրող երիտասարդը ինչպէս կը մտածեն, ինչ են  զանոնք  յուզող  հարցերը: Ճանաչելիութիւնը ամէնէն կարեւորն է, եթէ կ'ուզենք երիտասարդ սերունդը հայ պահել եւ հայկական ոգին փոխանցել: Նաեւ գիտենք, որ մեր լեզուն մեր ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է, կ'անդրադառնանք, որ շատ մը տեղեր, կատարեալ կերպով հայերէն լեզուն սորվեցնելը   թերեւս անկարելի կրնայ թուիլ, թերեւս: Բայց ամէնէն կարեւորը, որ հայ երիտասարդը ուր որ  ալ ապրի պէտք է գիտնայ թէ հայ լեզուն, այբուբենը իրն են, գոնէ փորձէ սորվիլ, նախադասութիւններ կարողանայ արտասանել, եւ զգայ թէ իր լեզուն է:

 

Անցեալ կիրակի Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը ընթերցեցին հայ եկեղեցիներուն մէջ, ուր վեհափառ հայրապետը այս տարին կը յայտարարէ, 850 ամեակը Ս. Ներսէս Շնորհալիին: Մեր պատմութեան մէջ Նարեկացիի նման, Ներսէս Շնորհալիի նման շատ լուսաւոր  անուններ  ունինք: Երբ որ Ներսէս Շնորհալիի կեանքը, անձը, գործունէութիւնը կ'ուսումնասիրենք, իսկապէս կը հիանանք, համաշխարհային անձ է իր մտածելակերպով եւ իր մօտեցումներով:  Ինչո՞ւ մեր երիտասարդ սերունդը պիտի չգիտնայ, թէ  ով է Ներսէս Շնորհալին, որովհետեւ գիտնալով Ներսէս Շնորհալիի անձը, պիտի խանդավառուի, եւ այդ խանդավառութիւնը երիտասարդ սերունդին պիտի տայ գիտակցութիւնը, թէ այո ես Ամերիկա կ'ապրիմ եւ 100 տոկոս ամերիկացի եմ, բայց նաեւ 100 տոկոսով հայ եմ, կամ Ֆրանսա կ'ապրիմ, երրորդ չորրորդ սերունդին կը պատկանիմ, բայց կը զգամ նաեւ 100 տոկոսով հայ: 

 

Այս մթնոլորտը պէտք է ստեղծել, մեր երիտասարդ սերունդը, ոչ միայն Ցեղասպանութեան հոգեբանութեամբ պէտք է դաստիարակել, որ կարեւոր է, բայց նաեւ պէտք է դաստիարակել այն գիտակցութեամբ, թէ իրենք զաւակներն են այնպիսի մշակոյթի մը, որ հարուստ է իր ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւններով: 

 

Իսկ չորրորդը՝ յաջորդ սերունդները հայ պահելու պատասխանատուութիւնը: Ամէնէն կարեւորը այսօրուայ մեր երիտասարդ սերունդը  լաւ հասկնալնիս  է։Զանոնք  լաւ հասկնալու համար պէտք է ճանչնանք, եւ գիտնանք թէ օրինակ ամերիկահայ երիտասարդը, կամ հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդը, կամ Արժանթինի մէջ ապրող երիտասարդը ինչպէս կը մտածեն, ինչ են  զանոնք  յուզող  հարցերը: Ճանաչելիութիւնը ամէնէն կարեւորն է, եթէ կ'ուզենք երիտասարդ սերունդը հայ պահել եւ հայկական ոգին փոխանցել: Նաեւ գիտենք, որ մեր լեզուն մեր ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն մէկն է, կ'անդրադառնանք, որ շատ մը տեղեր, կատարեալ կերպով հայերէն լեզուն սորվեցնելը   թերեւս անկարելի կրնայ թուիլ, թերեւս: Բայց ամէնէն կարեւորը, որ հայ երիտասարդը ուր որ  ալ ապրի պէտք է գիտնայ թէ հայ լեզուն, այբուբենը իրն են, գոնէ փորձէ սորվիլ, նախադասութիւններ կարողանայ արտասանել, եւ զգայ թէ իր լեզուն է:

Այս չորս դիտարկումներու շուրջ յանձնախումբը կարողացաւ կեդրոնանալ, եւ ես Ձեզ ուրախութեամբ  ներկայացուցի այդ բոլորը։ Յաջողութիւն ձեզի»: