image

Պետական քննութեանց դրական արդիւնքներ գրանցելէ ետք. Մեսրոպեանի սաները գոհաբանական աղօթք կատարեցին

  Պետական քննութեանց  դրական  արդիւնքներ գրանցելէ ետք. Մեսրոպեանի սաները  գոհաբանական   աղօթք կատարեցին

«Արեւելք»(Պէյրութ)- Ամավերջի պետական քննութեանց  դրական  արդիւնքներ գրանցելէ ետք Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնը գլխաւորութեամբ  տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստին   գոհաբանական  աղօթք  կազմակերպած է՝ մասնակցութեամբ  վարժարանի  սաներուն։

  Հայ  Կաթողիկէ Մեսրոպեան  վարժարանի   դիմատետրեանը մասնաւորապէս գրած է.

 

Կիրակի, 4 Օգոստոս 2024-ին գոհաբանական Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, 2023-2024 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու արձանագրած բացառիկ յաջողութիւններուն առիթով։

Պատարագը մատուցեց եւ այս առիթով քարոզեց ժողովրդապետ Հայր Սահակ վրդ․ Քէշիշեան։ Ներկայ էին Մեսրոպեան զոյգ վարժարաններու անձնակազմերուն անդամները գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, աւարտական դասարաններու աշակերտները եւ ծնողներ։

Պատարագի աւարտին «Ֆարաճեան» հանդիսասրահին մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին պարոն Կրէկուար Գալուստ անգամ մը եւս շնորհաւորեց աշակերտները իրենց յաջողութեան առիթով եւ վեր բերաւ այն բացառիկ արդիւնքները, որոնք որպէս պատմական յաջողութիւն պիտի արձանագրուին 85-ամեայ վարժարանի տարեգրութեան մէջ։ Խօսք առաւ նաեւ Արուեստից վարժարանի կրթական պատասխանատու պարոն Հաննա Սերժ Այվազեան, որ իր հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց քննութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ, հաստատելով Մեսրոպեանի յանձնառութիւնը ամրօրէն զարգանալու արուեստից կրթութեան մէջ։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Մեսրոպեանի երկրորդական բաժնի կրթական պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Էլիասի շնորհաւորական-խրախուսական նամակը՝ նոյն առիթով։