image
Հրատապ լուրեր:

Պեմզաշէնի սպաննութեամբ մեղադրուողը կալանաւորուեցաւ

Պեմզաշէնի սպաննութեամբ մեղադրուողը կալանաւորուեցաւ

Շիրակի մարզի առաջին ատեանի դատարանը այսօր՝ 15 նոյեմբերին, Պեմզաշէնցի 31-ամեայ կնոջ եւ անոր երկու երեխաներու սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած Վրոյր Բարսեղեանը կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Քննչական կոմիտէէն։

Այս պահուն դատարանէն ներս կը քննուի միւս մեղադրեալը՝ Արկադի Բարսեղեանը, կալանաւորելու միջնորդութիւնը։

Աւելի վաղ յայտնած էին, որ 9 նոյեմբերին Շիրակի մարզի Պեմզաշէն գիւղին մէջ դաժան սպանութիւն տեղի ունեցած էր. սեփական բնակարանին մէջ գտած էին 31-ամեայ բնակչուհիի եւ վերջինիս 12-ամեայ դստեր եւ 8-ամեայ որդիի մարմինները: Մահացածներն են մայրը՝ 31-ամեայ Զարինէն, ու անոր երկու երեխաները՝ 12 տարեկան դուստրը եւ 8 տարեկան որդին։ Դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 155-րդ 1-ին մասով՝ սպանութեան եւ նոյն յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտով՝ անչափահասի սպանութեան յատկանիշներով։

Դաժան սպանութեան կասկածանքով 12 նոյեմբերին ձերբակալուած էր Շիրակի մարզի 32-ամեայ բնակիչը, որ ոստիկանութենէն ներս տուած է ինքնախոստովանական ցուցմունք, յաջորդ օրը ձերբակալուած է նաեւ յանցանքը ենթադրաբար կատարած երկրորդ անձը՝ 36-ամեայ տղամարդ։ Տղամարդիկ, ըստ գիւղի բնակիչներու, ազգականներ են, երկուքն ալ ամուսնացած են, ունին երեխաներ։ Սպանուած կնոջ ամուսինը Ռուսաստան էր՝ արտագնայ աշխատանքի, վերադարձած է ողբերգական դէպքէն ետք։