Պելորեչենսքի մէջ փողոցային ծեծկռտուքէն ետք 22-ամեայ երիտասարդ սպաննուած է, դէպքի միւս մասնակիցը վնասուածքներ ստացած է:
Զանգուածային ծեծկռտուքը, որ աւարտած է դանակահարութեամբ, տեղի ունեցած է Կոկոլի փողոցի սրճարաններէն մէկուն մօտ: Քննիչները որպէս պատճառ նշած են կենցաղային բախումը: Երկու երիտասարդներուն դանակի վնասուածքներով տեղափոխած են քաղաքի հիւանդանոց, անոնցմէ մէկը մահացած է:
Երկրորդ տուժածը կը գտնուի հիւանդանոցը, ուր կը շարունակէ անհրաժեշտ բուժում ստանալ, կը յայտնէ «КП-Кубань»-ը:
Նախնական տուեալներու համաձայն, 2021 թուականի 28 փետրուարի երեկոյեան երիտասարդներու խումբը հանդիպած է Պելորեչենսքի Կոկոլի փողոցի սրճարաններէն մէկուն մօտ, որպէսզի լուծէ նախօրէին ծագած կենցաղային խնդիրը: Անոնց միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, որու ընթացքին տղամարդոցմէ մէկը դանակով հարուածած է միւսի կուրծքին եւ մէկ այլ մարդու փորին: Անկէ ետք ան թաքնուած է:
Յարուցուած է քրէական գործ՝ 22-ամեայ տղամարդու սպանութեան փաստով եւ մահացածի 31-ամեայ ծանօթի սպանութեան փորձի փաստով:
Ինչպէս գրած է «Регион online»-ը, Պելորեչենսքի բնակիչները բախումը կը կապեն մասնակիցներու ազգութիւններու հետ: Ինչպէս յայտնի դարձած է, քննիչները պաշտօնապէս չեն յայտարարած ազգամիջեան բախումներու հաւանականութեան մասին: Լուրերու տարածումէն ետք քաղաքին մէջ երկու սփիւռքի ղեկավարները հանդէս եկած են պաշտօնական ելոյթով:
«Ես կ'ամչնամ, որ իմ ժողովուրդի ներկայացուցիչները այդպէս վարուած են: Սա պէտք չէ ըլլար: Սա ազգի խայտառակութիւն է, ես ներողութիւն կը խնդրեմ դէպքի համար»,- ըսած է Կրասնոտարի երկրամասի Պելորեչենսքի շրջանի ատրպէյճանական համայնքի ներկայացուցիչ Աֆղան Ալազովը:
Պելորեչենսքի շրջանին մէջ Ռուսաստանի հայերու միութեան մասնաճիւղի ղեկավար Ռուբէն Մատելեանը յայտարարած է, որ հակամարտութիւնը ազգամիջեան չէ: «Մենք հանդիպեցանք ոստիկանութեան ղեկավարութեան, վարչակազմի ղեկավարի հետ, Պելորեչենսք ժամանեցին Կրասնոտարի երկրամասի վարչակազմի ներկայացուցիչները: Ի հարկէ, յանցագործութիւնը ցնցած է բոլորը: Յոյսով ենք, որ մարդասպանը կը ձերբակալուի եւ կը պատժուի ամբողջ խստութեամբ»,- ըսած է Մատելեան: «Տարածաշրջանին մէջ շատ ատրպէյճանցիներ կ'ապրին: Վրաստանէն շատ ներգաղթեալներ այստեղ կ'ապրին 1990-ականներու սկիզբէն: Սպանութեան մէջ կասկածուողը տեղացի չէ, ան «անցորդ» է»,- յստակեցուցած է լրատուամիջոցը: