image

Հայերն Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29-ին ընդառաջ արշաւներ կ՚ընեն տարբեր երկիրներու մէջ

Հայերն Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29-ին ընդառաջ արշաւներ կ՚ընեն տարբեր երկիրներու մէջ

Հայերն Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք COP29–ին (ՄԱԿ–ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողով) ընդառաջ բողոքի հաւաքներ կ'իրականացնեն` պահանջելով ազատ արձակել հայ պատանդները եւ գերեվարուած անձիք։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA)։

ANCA դիմատետրեան ընկերային ցանցով հրապարակած է գանատահայերու եւ ամերիկահայերու հաւաքներու նկարները։

Թորոնթոյի երիտասարդները պաստառ պարզած են, ուր դրուած են Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայերու լուսանկարները եւ գրուած է. «Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայերն են։ Ազա՛տ արձակեցէք հայ պատանդները»։

Ուաշինկթընի մէջ ալ հաւաք կայացած է Ճոն Հոփքինսի համալսարանի մօտ։ Ճիշդ այստեղ պիտի կատարուի COP29-ին նուիրուած հանրային քննարկում, որուն նաեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ ներկայ պիտի ըլլան։ Երիտասարդները պաստառներէն մէկուն վրայ գրած են «ցեղասպանութիւն», իսկ միւսին վրայ կրկին կոչ ըրած են ազատ արձակելու հայ պատանդները։

Յիշեցնենք, որ պաշտօնական տուեալներով` Ատրպէյճանի մէջ 23 հայ գերի կը պահուի, որմէ 17-ը գերեվարուած է 2023 թուականի յարձակումի հետեւանքով։ Անոնց կարգին է նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։

Նշենք, որ շաբաթ օր հաւաք կայացած է նաեւ Երեւանի մէջ` ՄԱԿ–ի գրասենեակին մօտ։