image
Հրատապ լուրեր:

Պայտընի խօսքերը պիտի չազդեն ԱՄՆ-Թուրքիա ռազմական գործակցութեան վրայ

Պայտընի խօսքերը պիտի չազդեն ԱՄՆ-Թուրքիա ռազմական  գործակցութեան վրայ

 

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի վերջին յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պէտք չէ ազդէ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ ռազմական յարաբերութիւններուն վրայ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Փենթակոնի մամուլի խօսնակ Ճոն Քիրպին:

 

«Մենք չենք ակնկալեր որեւէ փոփոխութիւն Թուրքիոյ հետ ռազմական յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիան [մեր] ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է,- ըսած է ան:- Մենք չենք ակնկալեր, որ նախագահի յայտարարութիւնը, որ ան ըրած է հանգստեան օրերուն, ինչ-որ կերպ կ'ազդէ անոնց վրայ»: Քիրպին նաեւ յոյս յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ կապերը ռազմական ոլորտի մէջ միայն կ'ամրապնդուին, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը: