image

Պայտըն-Ռայիսի հեռավար լեզուակռիւ

Պայտըն-Ռայիսի հեռավար լեզուակռիւ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարած է, որ Իրան շուտով «ազատ» պիտի ըլլայ:

Ինչպէս գրած է Bloomberg-ը, ան այս մասին ըսած է նախընտրական հանրահաւաքի ժամանակ, բայց չէ յստակեցուցած, թէ ինչ նկատի ունեցած է «ազատ» ըսելով:

Աղբիւրը գրած է, որ Պայտըն վեթերաններու խնամքը բարելաւելու նպատակով իր վարչակազմի ջանքները ներկայացնելու ժամանակ, կանգ առած է եւ ըսած. «Մի՛ անհանգստանաք, մենք պիտի ազատենք Իրանը»:

Ապա արագ աւելցուցած է. «Անոնք շուտով կ'ազատեն իրենց»:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին այս յայտարարութեան պատասխանած է 1979 թուականին Թեհրանի մէջ իսլամական յեղափոխութեան համակիրներու կողմէ ԱՄՆ դեսպանատան գրաւման 43-րդ ամեակի կապակցութեամբ ելոյթին մէջ:

«Իրան ազատուած է 43 տարի առաջ եւ վճռական է չիյնալու ձեր գերութեան մէջ»,- ըսած է ան։

Իրանի մէջ աւելի քան մէկ ամիս է, որ զանգուածային բողոքի ցոյցեր կ'ընթանան, այն բանէն ետք, երբ Մահսա Ամինին անունով երիտասարդ կինը մահացած է ոստիկանական բաժանմունք տարուելէ ետք:

22-ամեայ Ամինին մահացած է 16 սեպտեմբերին՝ քոմայի (մահաքուն) մէջ մնալէ ետք: Այսպէս կոչուած «բարոյականութեան ոստիկանութիւնը» անոր ձերբակալած էր իսլամական հագուստի կանոնները խախտելու համար:

ԱՄՆ-ն զանգուածային ցոյցերու պատճառով դադրեցուցած է Իրանի կառավարութեան հետ՝ երկրի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ համաձայնագրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները: