image

Պայտըն կ՚ուզէ երկխօսիլ Չինաստանի հետ

Պայտըն կ՚ուզէ երկխօսիլ Չինաստանի հետ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի հետ հանդիպելով կը փափաքի վերսկսիլ երկխօսութիւնը երկիրներու միջեւ եւ «զսպումներու ու հաւասարակշռութեան» համակարգ սահմանել։ Այս մասին հաղորդած է Agence France-Presse-ը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։

Անոր խօսքով՝ ամերիկացի առաջնորդը կ'ուզէ ամրապնդել կապերը այն երաշխիքներու միջոցով, որոնք կը վերահսկեն ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ «մրցակցութիւնը, որպէսզի այն հակամարտութեան չվերածուի»։

Պայտընի ու Սի Ծինփինի հանդիպումը կը նախատեսուի կայացնել Պալիի մէջ G20-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս։ Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ 14 նոյեմբերին, երեւանեան ժամանակով ժամը 13:30-ին։ Նախօրէին յայտնի դարձաւ, որ Չինաստանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք ԱՄՆ նախագահը մտադիր է մամուլի ասուլիս հրաւիրել։