Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։
Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տունը։
Պայտըն խոստացած է, որ Միացեալ Նահանգներ օգնութեան նոր փաթեթի ծիրէն ներս Ուքրանիոյ կը փոխանցէ հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերու հրթիռներ, հակահրթիռային սարքաւորումներ, զինամթերք:
Աւելի վաղ Փենթակոնը յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հետ կը քննարկէ ամերիկեան զինատեսակներով ռուսական տարածքի վրայ հարուածներու խորութեան յաւելումը: