image

Պայտըն դուրս եկաւ նախագահական ընտրապայքարէն

Պայտըն դուրս եկաւ  նախագահական ընտրապայքարէն

Ճօ Պայտըն կը լքէ նախագահական ընտրապայքարը, այդ մասին ԱՄՆ գործող նախագահը յայտնած է X-ի իր էջին։

«Մենք, որպէս ազգ, զգալի առաջընթաց գրանցած ենք վերջին երեքուկէս տարուան ընթացքին։ Այսօր Ամերիկան ունի աշխարհի ամենահզօր տնտեսութիւնը։

Ամերիկան, առաջնորդող դեր խաղալու առումով, երբեք աւելի լաւ վիճակի մէջ չէ եղած, քան այսօր:

Ես գիտեմ, որ ատոնցմէ ոչ մէկուն կրնայինք հասնիլ առանց ձեզ՝ ամերիկացի ժողովուրդի: Միասին մենք յաղթահարած ենք համավարակը եւ ամենամեծ տնտեսական ճգնաժամը Մեծ ընկճումէն ի վեր։ Մենք պաշտպանած եւ պահպանած ենք մեր ժողովրդավարութիւնը։ Մենք վերածնած եւ ամրապնդած ենք մեր դաշինքներն ամբողջ աշխարհի մէջ։

Ինծի համար մեծագոյն պատիւ էր կեանքիս մէկ մասը ըլլալու ձեր Նախագահ: Թէեւ ես մտադիր էի վերընտրուիլ, բայց կը կարծեմ, որ իմ կուսակցութեան եւ երկրի լաւագոյն շահերէն կը բխի, որ դուրս գամ ընտրապայքարէն եւ մնացած ժամանակահատուածին կեդրոնանամ նախագահի իմ պարտականութիւններու կատարման վրայ։ Այս շաբթուան վերջը ես աւելի մանրամասն պիտի պատմեմ ժողովուրդին իմ որոշման մասին»,- գրած է Պայտըն։