image

Պայտըն բազմակողմանի հեռախօսային զրոյցներ ունեցած է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի առաջնորդներուն հետ

Պայտըն բազմակողմանի հեռախօսային զրոյցներ ունեցած է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի առաջնորդներուն հետ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը շաբաթ օր առանձին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ՝ քննարկելով պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութիւնը:

Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը:

Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներու առաջնորդին յայտարարած Է Իսրայէլի նպատակներուն հասնելու համար «միասնութեան եւ վճռականութեան» անհրաժեշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Պայտընին աջակցութեան համար:

Ապասն իր հերթին Պայտընի հետ հեռախօսազրոյցին ըսած է Կազայի հատուածէն պաղեստինցիներու տեղաշարժի «լիակատար մերժման» մասին։