image

Պատրիարք Հայրը մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Պչաքճեանին

Պատրիարք Հայրը մաղթեց շուտափոյթ ապաքինում Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Պչաքճեանին

 Թուրքիոյ Հայոց Հոգեւոր Պետը այցելեց Տէր Հօր սենեակը եւ տեղեկութիւն առաւ կատարուած գործողութեան մասին եւ յոյս յայտնեց, որ շուտով կը վերագտնէ իր առողջութիւնը ու կը դառնայ իր ծառայութեան։

 Պոլսոյ Պատրիարքութեան  պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Յուլիս 2026, Ուրբաթ, այցելեց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ Պատկ. Կրօնական Ժողովի ատենապետ եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Պչաքճեանին, որ յաջող գործողութեան մը ենթարկուած, ապաքինման շրջանը կը բոլորէր։

Մեր Հոգեւոր Պետը այցելեց Տէր Հօր սենեակը եւ տեղեկութիւն առաւ կատարուած գործողութեան մասին եւ ուրախութեամբ հետեւեցաւ, որ Տէր Հայրը բարձր տրամադրութիւն ունի եւ ապաքինման շրջան կը բոլորէ: Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթեց, Տիրոջ զօրակցութիւնը մաղթեց Տէր Հօր եւ յոյս յայտնեց, որ շուտով կը վերագտնէ իր առողջութիւնը ու կը դառնայ իր ծառայութեան