Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրատապ յայտարարութեամբ ամերիկացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկրներ՝ օգտագործելով հասանելի փոխադրամիջոցներ՝ անվտանգութեան լուրջ վտանգներու պատճառով:
Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի՝ հիւպատոսական հարցերով օգնական Մորա Նամտարը:
Այդ երկիրներու ցանկի մէջ են Պահրէյնը, Եգիպտոսը, Իրանը, Իրաքը, Իսրայէլը, Կազան, Արեւմտեան ափը, Յորդանանը, Քուէյթը, Լիբանանը, Օմանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Սուրիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եմէնը:
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ քաղաքացիները պէտք է օգտուին դեռ հասանելի առեւտրային փոխադրամիջոցներէն (օդանաւային ուղիներէն), քանի դեռ ատոնք կը գործեն։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մարտի 2-ին յայտարարած է, որ Իրանի դէմ իրականցուող հարուածներու առաւել թէժ փուլը դեռ չէ մեկնարկած, այն շուտով պիտի սկսի։
Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն արդէն «զգալիօրէն առաջ» անցած է սահմանուած ժամանակացոյցէն։
Ան նշած է, որ ի սկզբանէ կանխատեսած էին 4-5 շաբաթ, սակայն իրենք «ունակ են շարունակել շատ աւելի երկար»։