Անցեալ տարուան հոկտեմբերին սկիզբ առած Կազայի արիւնալի պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորական մը այցելութիւն տուած է Կազա։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ռատիօ Վատիկանի հայկական ծառայութիւնէն, ուր մասնաւորապէս կը կարդանք՝
Հինգշաբթի 16 Մայիս 2024-ին Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան մուտք գործեց Կազա եւ հովուական այցելութիւն տուաւ Սուրբ ընտանիք ժողովրդապետութիւն։ Լուրը կը կարդանք Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջի առաջին էջին վրայ։
Գերերջանիկ Պատրիարքին հետ միասին էին` Մալթայ ասպետական ուխտէն Եղբայր Ալեսսանտրօ տէ Ֆրանչիսքիս, Հայր Կապրիելէ Ռոմանելլի, Կազայի ծխական քահանան և փոքր պատուիրակութիւն մը։
Անոնք հանդիպեցան տառապող բնակչութեան հետ, զանոնք քաջալերելու և անոնց փոխանցելու յոյսի, զօրակցութեան և աջակցութեան պատգամ մը։Գերերջանիկ Պատրիարքը սուրբ պատարագը մատուցեց ժողովրդապետական եկեղեցւոյ մէջ, տեղի համայնքի անդամներու մասնակցութեամբ ապա Իր կեցութեան ընթացքին քաղաքավարական այցելութիւն կատարեց Սուրբ Պորփիւրի ուղղափառ եկեղեցի
Այցը նաև կը հանդիսանայ մարդասիրական համատեղ առաքելութեան մը առաջին փուլ` ընդմէջ Լատինաց Պատրիարքարանի և Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտին համագործակցութեամբ «Malteser International»-ի և այլ գործընկերներու, որուն նպատակն է Կազայի բնակչութեան փրկարար սնունդի և բժշկական օգնութեան մատակարարումը:
Լուրը պատրաստեց՝ Ռոպէր Աթթարեան