image

Վանգուվըրի մէջ. Նշուած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի Քահանայութեան եւ օծման 40-ամեակը

Վանգուվըրի մէջ.  Նշուած է  Թեմակալ  Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի  Քահանայութեան եւ օծման 40-ամեակը

Գանատայի  հայոց թեմը օրերս փառաւորապէս մնշեց Թեմի կարող եւ  գործունեայ  Առաջնորդ, Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի քահանայական  օծման եւ ձեռնադրութեան  40-ամեակը։

Ասոր մասին «Արեւելք»իմացաւ  Թեմի  պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ  ներկայացուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2024-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Հոգաբարձութեան կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ի պատիւ իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին։

Ձեռնարկին բացումն ու հանդիսավարութիւնը կատարեց Օհան Սրկ. Կիւրեղեան։ Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան, Հայ Կեդրոնի մեծ ընտանիքին անունով տեղւոյն Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Սօսի Թէրզեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան եւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտմեան։

Ճաշկերոյթի ընթացքին դպրաց դասը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին առաջնորդութեամբ փունջ մը հոգեւոր երգեր հրամցուց. իսկ երաժիշտ եւ երգահան Արմէն Մարտիրոսեան դաշնամուրային կտորներ նուագեց։

Աւարտին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով, Հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը պատարագի զգեստ մը նուիրեցին Սրբազան Հօր։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Սրբազան հօր հայրական պատգամով եւ պահպանիչով։