Պաշտօնական Երեւանը Թեհրանէն «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման հրաւէր ստացած է։
Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։
Մինչ 19 հոկտեմբերին ատրպէյճանական աղբիւրները կը պնդէին, թէ Հայաստանը արդէն տուած է համաձայնութիւնը, արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան 20 հոկտեմբերին լրագրողներուն ըսած է, թէ Երեւանը դեռ չէ արձագանգած ու հարցը կը քննարկուի։