image

Պաքուի մէջ պահուող գերիներու հարցով ԱԳՆ-ի դիմաց բողոքի հաւաք 

Պաքուի մէջ պահուող գերիներու հարցով ԱԳՆ-ի դիմաց բողոքի հաւաք 

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց այսօր հրատապ հաւաք կայացած է` Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Ցոյցի մասնակիցները Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ ռազմաքաղաքական միւս ղեկավաներու լուսանկարները պարզած` ՀՀ իշխանութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրած են Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու շինծու դատավարութիւններու եւ անոնց նկատմամբ իրականացուող խոշտանգումներու վրայ։

«Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեանը, անդրադառնալով Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեանն ու անոր վերջին լուսանկարներուն, ուր ակնյայտ կ՚երեւէր, որ հացադուլի մէջ գտնուող Վարդանեանը խոշտանգումներու ենթարկուած է, լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ նշած է` սա եւս մէկ անգամ կը խօսի Ատրպէյճանի վայրագութիւններու մասին։

«Միջազգային բոլոր նորմերով` հացադուլ յայտարարածներն ազատւում են դատական նիստերին մասնակցելուց, մինչդեռ Վարդանեանը պարտադրուած մասնակցում է դատական նիստին, որի ժամանակ նրա ինքնազգացողութիւնը նաեւ վատացել է։ Յաջորդ դատական նիստը տեղի է ունենալու յաջորդ շաբաթ»,– նշած է Առաքելեանը։

Ըստ անոր` Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող ռազմագերիներու մասով ՀՀ իշխանութիւններու եւ ԱԳՆ վարքագիծը մեծ յոյսեր չեն ներշնչեր. այս ամէն ինչին ՀՀ ԱԳՆ–ն կ՚արձագանգէ լռութեամբ։

«Քիչ առաջ հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ ԱԳՆ–ն իր մտահոգութիւնն է յայտնել գերների մասով, մինչդեռ փոխարէնը պէտք է կոնկրետ գործողութիւններ իրականացնի»,–ըսած է Առաքելեանը։

Ան այն կարծիքին է, որ ՀՀ–ի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանները պէտք է ԱԳՆ հրաւիրուին ու ՀՀ–ի կողմէ յստակ պահանջ նեկայացուի անոնց, որ Պաքուի մէջ պահուող ռազմագերիները պէտք է օր առաջ ազատ արձակուին։

Աւելցնենք, որ հրատապ հաւաքի մասնակիցները ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտէն շարժած են դէպի ՀՀ կառավարութեան շէնք, ապա բողոքի կատարած են ՀՀ–ի մէջ ՄԱԿ–ի գրասենեակի դիմաց։