image
Հրատապ լուրեր:

Օտեսայի մէջ. Ռուսաստան ոչնչացուցած է Harpoon տիպի հրթիռներ

Օտեսայի մէջ. Ռուսաստան ոչնչացուցած է Harpoon տիպի հրթիռներ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ռուսական զօրքերը Օտեսայի մէջ ոչնչացուցած են Harpoon հականաւային հրթիռներու պահպանման պահեստը:

«Օտեսա քաղաքի արդիւնաբերական ձեռնարկութեան կառոյցներէն մէկուն մէջ օդային տեղակայման մեծ հեռահարութեան բարձր ճշգրտութեան հրթիռներով ոչնչացուած է Harpoon հականաւային հրթիռներու պահպանման պահեստը, որոնք Ուքրանիոյ յանձնուած էին ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ», - «ԹԱՍՍ»–ի հաղորդմամբ՝ յայտնած է Ռուսիոյ դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, զօրավար Իկըր Քոնաշենքովը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ Օտեսայի մարզին մէջ «Իսքանտար» հրթիռներով ոչնչացուած են ԱՄՆ-ի արտադրութեան Harpoon հականաւային հրթիռային համալիրի արձակման կայանքները: