Կարծես, երկու կողմերն ալ ոչ այնքան հետաքրքրուած են պատերազմը վայրկեան առաջ դադրեցնելու մտքով, այլ նպատակ ունին (Ուքրանիոյ պարագային) մարդասիրական դադար մը տալու, եւ միւս կողմէ ալ ռազմական նոր ուժեր ռազմաճակատ հասցընելու (Ռուսաստանի պարագային)։ Մեծ մտահոգը կը շարունակէ մնալ Եւրոպական մայրացամաքը, որ տնտեսապէս, նաւթուժի խնդրով, ու մասնաւորապէս փախստականներու օրակարգով յայտնուած է բարդագոյն վիճակներու առջեւ։
Պատերազմը ըստ երեւոյթին դեռ պիտի շարունակուի, քանզի մինչեւ այս պահը ռազմական գետնի վրայ մասնաւորապէս Ռուսաստան տակաւին հեռու է բեկումնային քայլ մը իրականցնելու դրոյքէն։
«Միջանցքներ» ու պատերազմը
Ուքրանիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմի 13-րդ օրը կը բացուի նոր որոշակի յոյսերով։ Խօսքը դարձեալ «մարդասիրական» հրադադար մը հաստատելու մասին է, տրուած ըլլալով, որ Ուքրանիոյ կարգ մը կարեւոր համարուած քաղաքներուն մէջ ստեղծուած է այնպիսի բարդ դրութիւն, որուն համար ալ հակամարտող կողմերը պարտաւոր են հաշուի նստիլ ու առնուազն որոշ ժամանակի մը համար դադար տալ ռազմական գործողութիւններուն։
Մոսկուա, որուն բանբերները կը շարունակեն առաջ քաշել պատերազմը դադրեցնելու համար իրենց յստակ նախապայմանները, կարծես թէ չեն ընդդիմանար հրադադար յայտարարելու գաղափարին հետ։ Այստեղ նաեւ մէջտեղ կու գայ «նախամեծար»ութեան հարցը, որուն ծալքերը յառաջ եկան մասնաւորապէս «Միջացնքներու պատերազմ» կոչուած եզրոյթին մէջ։ Խօսքը մասնաւորապէս դէպի Ռուսաստան եւ Պէլառուսիա բացուելիք «մարդասիրական» ճանապարհներուն մասին, որ պիտի բացուին միայն ու ռուսաստանեան նախապայմաններով, եւ որուն դիմաց ալ պաշտօնական Քիէւ ունի լուրջ վերապահումներ։ Այստեղ հարկ է յիշատակել, որ երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ «մարդասիրական» անցքերու մասին խօսք գնաց, որուն հիմքով ալ մասնաւորապէս Քիէւէն եւ Խարքովէն անցքեր պիտի բացուէին եւ այն քաղաքացիները, որոնք կը փափաքէին դուրս գալ երկրէն պիտի անցնէին, դէպի Ռուսաստան եւ Պէլառուսիա, սակայն այդ անցքեր բանալու խնդիրը դարձեալ ջուրը կ՚իյնար, պարզ այն պատճառով, որ ըստ պաշտօնական Քիէւի Ռուսաստան չէր յարգեր իրենց կողմէ ներկայացուած նախապայմանները։
Անշուշտ այս բոլորի լոյսին տակ, երէկ նաեւ պարզ կը դառնար, որ Ուքրանացի փախստականներու թեման օրըստօրէ կը շարունակէ աճիլ եւ երէկ 12-րդ օրուան լրումին, դէպի Լեհաստան անցած Ուքրանացի եւ ոչ Ուքրանացի փախստականներուն թիւը կը հատէր մէկ միլիոնը, որն ինքնին բաւական մեծ թիւ է եւ երկար ժամանակի վրայ պիտի դառնայ եւրոպացիներուն համար մտահոգութեան տեղիք։
Ի վերջոյ ո՞վ պիտի հոգայ անոնց ծախսերը, ո՞վ պիտի հասնի անոնց օժանդակութեան, ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ապրին այդ փախստականները։
Ըստ «Պի. Պի. Սի.» կայանի լրագրող՝ Մուրատ Պաթալ Ալ Չիչանի, որ երէկ կը գտնուէր Ուքրանիա-Լեհաստան սահմանային շրջանին մէջ, յառաջիկայ օրերուն Եւրոպական համայնքը (նկատի ունի ՝Եւրոպական Միութիւնը) գործադրութեան պիտի դնէ Ուքրանիոյ փախստականներուն օգնութիւն հասցնելու իր ամբողջական փաթեթ-ծրագիրը։
Միացեալ Նահանգներ ՝ զէնքի, իսկ Ռուսաստան՝ կենսաբանական կեդրոններու մասին
Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, եւ գետնի վրայ ժամ առ ժամ երեւելի կը սկսի դառնալ Ռուսական բանակի առաւելութիւնը պաշտօնական Քիէւ, որ յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մը առջեւ Արեւմուտքէն կը շարունակէ ռազմական կործանիչներ խնդրելու մասին իր յայտարարութիւնները։ Այս փափաքին երէկ ուշագրաւ պատասխան մը կու տար Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Անթոնի Պլինքըն կը յայտարարէր, որ իրենք պատրաստ են Ուքրանիոյ փափաքը կատարել եւ անոր բանակին տրամադրել Լեհաստանի մէջ գտնուող ռուսական տիպի Միկ կործանիչներ։
Անշուշտ այս յայտարարութեան մէջ, միայն ճարպիկութիւն, ձեռնածութիւն (մանիւբիւլաթիւ մօտեցում) չկայ, այլ կայ յատկապէս ամերիկեան «հեռատեսութիւն» ու նաեւ ամերիկեան արդիական կործանիչներ չտրամադրելու որոշում, հեռու պահելու այս պատերազմը ՆԱԹՕ-Ռուսաստան ուղղակի ընդհարումէ, որ կրնայ կործանիչ ըլլալ բոլոր կողմերուն համար։
Այստեղ հարկ կը համարեմ յիշեցնել մասնաւորապէս այս թեմայով Ռուսաստանի նախագահ Վ. Փութինի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, որ ան ըրած էր կիրակի օր խստօրէն զգուշացնելով Ուքրանիան շրջապատող երկիրները, տարածք չտալու Ուքրանիոյ բանակի կործանիչներուն, որպէսզի այդ երկիրներու օդակայանները կամուրջ չդառնան Ուքրանիոյ համար ու նաեւ նոր բարդութիւններ չբերեն Ռուսական ուժերուն։ Մոսկուա, որուն բանակին առաջին գործը եղած էր Ուքրանիոյ օդը «փակել»ու առաջադրանքը կատարել, այսօր կը շարունակէ ցամաքի վրայ դանդաղ ու հաստատ քայլերով առաջանալ, վստահ ըլլալով, որ օդային որեւէ տեսակի սպառնալիքի դէմ հանդիման չէ։ Ի դէպ Փութինի այս յայտարարութիւնէն ետք, Լեհաստան արագօրէն կ՚արձագանգէր, յայտարարելով, որ իրենք ոչ մէկ կերպ տեղ պիտի տան Ուքրանական կործանիչներուն, այդպիսով անգամ մըն ալ փարատելով ՆԱԹՕ-Ռուսաստան ընդհարումի մասին առկայ բոլոր մակարդակի մտավախութիւնները։
Միւս կողմէ ռազմական առումով եղած յայտարարութիւններուն կողքին Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը հանդէս կու գար շատ կարեւոր նիւթով մը, որ կը վերաբերէր Ուքրանիոյ տարածքին առկայ աւելի քան 30 կենսաբանական տարրալուծարաններու ոչնչացման մասին։ Ի դէպ այս թեման նոր թեմա մը չէ, եւ ռուսական կողմին մօտիկ եղող լրատուական մէկէ աւելի հարթակներ տարբեր առիթներով ալ խօսած են այդ տարրալուծարաններուն մասին, որոնք ըստ այդ աղբիւրներուն բաւականին վտանգաւոր գործունէութիւն կը ծաւալեն։
Ռազմական գետնի վրայ՝ պահելով Տոնպասի թիկունքը, իսկ հայացքը՝ Օտեսայի վրայ
Ռազմական գետնի վրայ ընթացող զարգացումները բաւականին բարդ դրութեան մէջ դրած են ուքրանական մի քանի կարեւոր քաղաքներ, որոնց կարեւորագոյնը ՝ Խարքովն է, որ կարծէք իր վերջին «շունչերը կը փչէ» եւ պիտի անցնի ռուսական բանակի տիրապետութեան տակ։ Միւս կողմէ Ռուսաց բանակը կը զօրացնէ իր ներկայութիւնը Զապարոժիա քաղաքին մէջ, որ կը համարուի Տոնպասի Լուկանսք եւ Տոնէցք շրջաններու բնական թիկունք։ Ռազմական առումով ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է ռազմական փորձագէս Քամալ Ճաֆա, որ նկատել տուած է, թէ պատերազմի ներկայ փուլին Ուքրանական բանակը յայտնուած է բաւականին բարդ վիճակի առջեւ, ու հակառակ անոր որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքի խօսած է հակայարձակողական քայլերու դիմելու մասին, ան նշած է, որ այսօր Ուքրանիոյ մէջ կանոնական բանակը շատ թուլացած է եւ գետնի վրայ գործողութիւններ կատարելու ներուժ ունին ոչ կանոնաւոր բանակի ջոկատներ, որոնք ունակ են թաղային-բարթիզանական մարտեր առաջ տանելու։ Այս կը նշանակէ, թէ մենք արդէն կը մտնենք բաւականին նոր փուլ մը, որուն մէջ կրնան երեւելի դառնալ կարեւոր անակնկալներ եւ այդ անակնկալները կրնան որոշակիօրէն «ցաւ» պատճառել Ռուսաստանի կանոնական բանակին, հաշուի առնելով նաեւ, որ Ուքրանիոյ ոչ կանոնական ուժերը, ծանօթ են գետնին, ունին «մահապարտ»ի հոգեբանութիւն եւ պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան։
Այս առումով ալ յառաջիկայ օրերը աւելի քան կարեւոր են, հաշուի առնելով նաեւ, որ Ուքրանիոյ այս պատերազմը արդէն ցոյց տուաւ, որ մեծ մակարդակներու հասնող երեւելի հզօրութիւն ունեցող Ռուսական բանակին համար, ոչ այդքան հեշտ է արագ գործողութիւններու հիմքով իր նպատակներուն հասնիլ։
Դարձեալ ռազմական առումով կարեւորագոյն զարգացումներ կը սպասուին Ուքրանիոյ Սեւ Ծովու աւազանին ու բացայայտ է, որ հակառակ առկայ «դանդաղկոտ»ութեան Ռուսական զօրքին համար կարեւորագոյն թիրախ կը համարուի Սեւ Ծովու վրայ ամենակարեւոր կէտ համարուող Օտեսա քաղաքը։ Ճիշդ է, որ ռազմական փորձագէտներուն համար ալ անցնող երկու օրերու ուշադրութիւնը ուղղուած էր դէպի Խարքով, ուր տեղի կ՚ունենան բաւականին թէժ մարտեր, սակայն Ռուսական կողմին համար հիմնական կողմնացոյցը՝ Օտեսան իր տիրապետութեան տակ առնելն է։ Պատերազմի ընդհանրական ընթացքին մասին խօսելով հարկ է նաեւ շեշտադրել, որ ռուսական բանակը կը խուսափի կողմնակի մարտերու մէջ մտնելէ եւ լայն տարածքներ գրաւելու «թակարդ»էն, գոհանալով միայն դէպի մայրքաղաք Քիէւ ճանապարհներ բանալու իր ռազմավարութեամբ։
Բանակցութիւններ եւ Թուրքիոյ մէջ հաւանական հանդիպում
Մինչ երէկ հերթականին պէս (արդէն երրորդը) ընթացք կ՚առնէր Ուքրանիա- Ռուսաստան բանակցութիւններու երրորդ հանդիպումը, անդին նախանշաններ երեւան եկան, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գագաթ-հանդիպում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռուսաստանի ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ու Ուքրանիոյ ԱԳ նախարար Տիմիթրի Քոլիպան։ Այս հ հաւանական հանդիպման մասին, առաջինը յայտարարեց Թուրքիոյ ԱԳ նախարար Մէւլուտ Չաւուշօղլուն, յիշեցնելով, որ հանդիպումը պիտի կայացուի Անթալիոյ դիւանագիտութեան ֆորումի շրջանակներուն մէջ։ Այլ խօսք, թէ մինչեւ շաբաթ օր ինչ կը կատարուի, կամ ինչ կրնայ կատարուիլ գետնի վրայ, սակայն ցարդ հասկնալի է, որ երկու կողմերն ալ պատրաստ չեն անկեղծօրէն զիրար լսելու։ Մինչ Ռուսական կողմը առաջ կը քաշէ Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը խաթարող նախապայմաններ, անդին Ուքրանիա բանակցութիւններուն առընթեր կը մօտենայ որոշակի սարքազմ մը, իսկ երկրի նախագահ Զէլէնսքի, կը շարունակէ ամէն մակարդակի խօսքային «հրթիռակոծում»ներ իրականացնել Վ. Փութինի անձին ուղղութեամբ։ Կարծես, երկու կողմերն ալ ոչ այնքան հետաքրքրուած են պատերզամը վայրկեան առաջ դադրեցնելու մտքով, այլ նպատակ ունին (Ուքրանիոյ պարագային) մարդասիրական դադար մը տալու, եւ միւս կողմէ ալ ռազմական նոր ուժեր ռազմաճակատ հասցընելու (Ռուսաստանի պարագային)։ Մեծ մտահոգը կը շարունակէ մնալ Եւրոպական մայրացամաքը, որ տնտեսապէս, նաւթուժի խնդրով, ու մասնաւորապէս փախստականներու օրակարգով յայտնուած է բարդագոյն վիճակներու առջեւ։
Պատերազմը ըստ երեւոյթին դեռ պիտի շարունակուի, քանզի մինչեւ այս պահը ռազմական գետնի վրայ մասնաւորապէս Ռուսաստան տակաւին հեռու է բեկումնային քայլ մը իրականցնելու դրոյքէն։
Սագօ Արեան