«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նախընտրական քարոզարշաւը շարունակած է Երեւանի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ, ուր բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ արձակուրդի մէջ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խօսած է Հայաստանի պետականութեան, անկախութեան, ինչպէս նաեւ գիտութեան ոլորտի մէջ եղած ներդրումներու մասին։
Փաշինյանը նշած է՝ Հայաստանը ծանր փորձութիւններու մէջէ անցնելով՝ կրցած է ձեռք բերել անկախ պետականութիւն։
«Այո, մենք պատերազմ ենք անցել, զոհ ենք ունեցել, բայց մենք, այդ ամէնի միջով անցնելով, ձեռք ենք բերել պետութիւն եւ անկախութիւն»,-ըսած է ան։
Վարչապետի խօսքով՝ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքները պէտք է գիտակցին, որ անոնց զաւակները զոհուած են Հայաստանի պետականութեան պահպանման համար։
«Այսօր իւրաքանչիւր ընկած զինուորի ծնող պէտք է իմանայ, որ իր որդին, իր զաւակը ընկել է, որ իր պետութիւնը յարատեւի, որ իր պետութիւնը անկախանայ, դառնայ իրական պետութիւն, դառնայ բարեկեցիկ, դառնայ ազատ, դառնայ երջանիկ»,- նշած է Փաշինեանը։
Ան նաեւ յայտարարած է, որ վերջին տարիներուն զգալիօրէն աճած է գիտութեան ոլորտի ֆինանսաւորումը։
«2018 թուականից սկսած՝ Հայաստանում գիտութեան ֆինանսաւորումը 3 անգամ աւելացել է»,-ըսած է վարչապետը։
Փաշինեանի խօսքով՝ պետական պիւտճէի միջոցներով գիտական հիմնարկներուն մատակարարուած են այնպիսի սարքաւորումներ, որոնք նախապէս Հայաստանի մէջ երբեք չեն եղած։
Ան ընդգծած է, որ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ այժմ կը գործէ գերհզօր համակարգիչ, որ ձեռք բերուած է պետական ֆինանսաւորմամբ։