image

ԱՄՆ Ծերակոյտը առաջին անգամ հաւանութիւն տուած է Իրանի դէմ պատերազմի դադրեցման բանաձեւին

ԱՄՆ Ծերակոյտը առաջին անգամ հաւանութիւն տուած է Իրանի դէմ պատերազմի դադրեցման բանաձեւին

 

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընթացակարգային քուէարկութեան ժամանակ առաջին անգամ հաւանութիւն տուած է բանաձեւին, որ փաստացի Ուաշինկթընի վարչակազմին կ՚արգադրէ դադրեցնել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները։

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած է 50 օրէնսդիր, դէմ՝ 47-ը։ Դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու մեծամասնութեան հետ մէկտեղ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած են նաեւ հանրապետականներ Ռենտ Փոլը (Քենթաքի նահանգ), Լիզա Մուրքովսքին (Ալասքա), Սիւզան Քոլինզը (Մեն) եւ Պիլ Քեսիտին (Լուիզիանա)։ Բանաձեւին դէմ արտայայտուած միակ դեմոկրատը եղած է Ճոն Ֆեթըրմանը (Փենսիլվանիա)։

Աւելի վաղ Քոնկրեսի վերին պալատը նմանօրինակ քուէարկութիւններու ընթացքին եօթ անգամ մերժած էր բանաձեւը։ The Hill թերթը կ՚ընդգծէ, որ նոյնիսկ այն պարագային, երբ բանաձեւը վերջնական քուէարկութեան արդիւնքներով հաստատուի Ծերակոյտի, ապա նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ, երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփ անոր վրայ վեթօ պիտի դնէ։