image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ընտրութիւններ` խաղաղութեան ու պատերազմի միջեւ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ընտրութիւններ` խաղաղութեան ու պատերազմի միջեւ

Հայաստանի մէջ սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններու շեմին քաղաքական ուժերը գրեթէ ամբողջական մաշտապով սկսած են իրականացնել իրենց քարոզարշաւը` իրար հանդէպ փոխադարձ ամբաստանութիւններով եւ ընտրողներուն տրուած խոստումներով: Այս վերջին պարագան շեշտուած ձեւով կ’օգտագործուի ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ` յատկապէս տնային կալանքի տակ գտնուող Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» ին կողմէ,  խոստանալով բաւականին յաւակնոտ եւ ոչ իրատեսական ծրագիրներու իրականացում: Ինչ կը վերաբերի իշխանութիւններուն, անոնք շեշտը կը Զդնեն անցնող հինգ տարիներուն իրենց կատարած աշխատանքին ու արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ:

Վերջին օրերուն ամենէն աւելի քննարկուող հարցը այն է թէ, ի՞նչ կրնայ պատահիլ Ատրպէյճանի հետ համաձայնեցուած խաղաղութեան հաստատման ծրագիրներու ճակատագիր, եթէ ընդդիմադիրները յաղթեն յաջորդ ընտրութիւններուն ու հասնին իշխանութեան: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով Ռոպերթ Քոչարեանի, Սամուէլ Կարապետեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած ուժերը որդեգրած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը վերանայելու քաղաքականութիւն: «Այս օրերին այդ ուժերը խօսում են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը վերաբանակցելու, խօսում են խաղաղութիւնը վերաբանակցելու եւ պարտադրելու, այդ թւում` ուժային եղանակով պարտադրելու մասին: Սա միանշանակ եւ աներկբայ նշանակում է ոչ միայն դուռը բացել պատերազմի համար, այլեւ անխուսափելի  դարձնել այն»,- կը յայտարարէ Փաշինեան:

Բնականաբար, ընդդիմադիր ուժերը կը մերժեն այս մեղադրանքը ու Վարչապետին կ’ամբաստանեն ժողովուրդը վախեցնելով շանթաժի ենթարկելու մէջ: Սակայն, հիմնուելով ընդդիմադիրներու վերջին տարիներու հրապարակային ելոյթներուն վրայ, անոնց համար ներկայ խաղաղութիւնը խաբուսիկ է, իշխանութիւնները կը կատարեն Ատրպէյճանի պահանջները, իրենք կարող են աւելի ուժեղ դիրքերէ բանակցիլ Ալիեւի հետ ու աւելի նպաստաւոր պայմաններ ձեռք ձգել, նոյնիսկ ապահովել Արցախահայութեան վերադարձը` իրենց տուները:

Իշխանութեան գալու պարագային ներկայ ընդդիմադիրներու առջեւ կայ երկու ճանապարհ` կամ մոռնալ այսօրուան իրենց ըսածները եւ հանգիստ վայելել իշխանութեան բարիքները եւ կամ երթալ իրենց խոստումներուն ետեւէն ու վերադառնալ նախկին պատերազմական վիճակին: Հոս կայ Ռուսաստանի գործօնը: Ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերը ոչ միայն գաղափարապէս ռուսամէտ են« այլ տարբեր ձեւերով կապուած են ու կը գտնուին Մոսկուայի ազդեցութեան տակ: Քրեմլինի համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը քաղաքականապէս նպաստաւոր չէ եղած երբեք, մանաւանդ որ այդ իրականութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ: Ներկայ դրութեամբ Ռուսաստանը ամբողջութեամբ կորսնցուցած է իր ունեցած լծակները Ատրպէյճանի վրայ եւ իր կարելին պիտի ընէ, որպէսզի Պաքուն« թէկուզ մասամբ, վերադառնայ Մոսկուայի ազդեցութեան տակ: Իսկ այդ կարելի կրնայ դառնալ միայն այն պարագային, երբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը մնան յարատեւ հակամարտութեան մէջ:

Կայ նաեւ «Թրամփի ուղի» ծրագիրը, որ նոյնպէս Ռուսաստանի ուզածը չէ: Ան պիտի նախընտրէ վերադառնալ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան 9-րդ կէտին, որ կը նախատեսէր Ռուսական զօրքերու հսկողութեամբ ապահովել Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհ` Հայաստանի տարածքով: Ընդդիմադիրները եւս համամիտ են Ռուսական կողմին հետ, որ պէտք է վերադառնալ այդ 9-րդ կէտի գործադրութեան:

Այս բոլորը նկատի առնելով Փաշինեանի զգուշացումները երբեք չափազանցութիւն չեն: Պատերազմական վիճակին վերադարձը պէտք չէ անտեսել եւ կամ անհաւանական նկատել: Երկիրներ ունին իրենց շահերը ու պիտի փորձեն ամէն գնով իրականացնել զանոնք: Ռուսաստանը պիտի փորձէ իրականացնել իր ազգային շահերը ու այդ ընելու համար միայն կրնայ ապաւինիլ Քոչարեան-Կարապետեան-Ծառուկեան եռեակին:  Հայաստանի ժողովուրդը կանգնած է ընտրութեան առջեւ: Կամ շարունակել պաշտպանել ներկայ իշխանութիւններու վարած` խաղաղութեան ճանապարհը եւ կամ վտանգելով ամէն ինչ, երթալ ընդդիմադիրներու խոստումներուն ետեւէն` վտանգելով իրենց ու երկրի ապագան: Վստահ ենք, որ Հայաստանի ժողովուրդը անգամ մը եւս պիտի կայացնէ ճիշդ որոշում:

 

Գրիգոր Խոտանեան
03/27/2026