Լիբանանահայ պարմանուհի Ալիք Գալայճեան պէտք է շատ արագ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուի եւ կ՚ակնկալէ մեր բոլորի նիւթական նեցուկը։
Ալիքի վիճակին մասին «Արեւելք»ին պատմեց անոր մայրիկը՝ Ռիթա Գալայճեանը, նշելով, որ Ալիք գրեթէ ամիսէ մը ի վեր կը գտնուի Պէյրութի «Օթէլ Տիո» հիւանդանոցը, ուր կը ստանայ անհրաժեշտ բուժումներ։
Ռիթա Գալայճեան նաեւ նշեց, որ Ալիքի վիճակը կտրուկ ձեւով վատացած էր վարակի մը պատճառով, ինչի հետեւանքով սիրտն ու լեարդը ունեցած են լուրջ բարդութիւններ։
Մայրը կը պատմէ, որ դուստրը արեան կորուստ, յոգնութիւն եւ ապա սրտի ու լեարդի անհանգստութիւն ունեցած է, որմէ ետք ալ սրտի ծանրաբեռնուածութիւնը արգելք սկսած է դառնալ, որ Ալիքի լեարդն ու միւս օրկանները բնականոն կերպով աշխատին։
Վիրաբուժական գործողութիւնը, որուն պէտք է ենթարկուի հայուհին, կը կազմէ շուրջ 16 հազար ԱՄՆ տոլար, որուն կէսէն աւելին արդէն իսկ գոյացած է։
Ալիքին նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար մեր հայրենակիցները կարող են իրենց սիրայօժար նուիրատւութիւնները Պէյրութ հասցնել՝ օգտուելով Wish համակարգէն եւ գումարն ուղարկելով այդ համակարգի 0096178865616 համարին։
Առողջութիւն փոքրիկն Ալիքին։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը