image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութահայութիւնը յուզող հարցերը ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմին- Գերպ.Պատիշահ հանդիպման ընթացքին

  Պէյրութահայութիւնը յուզող հարցերը ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմին- Գերպ.Պատիշահ հանդիպման ընթացքին

 Օրերս Պէյրութահայութիւնը յուզող հարցերը բարձրացուած են ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութեան եւ Հայ Կաթողիկէ  Լիբանանի Թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Գրիգոր Պատիշահ Եպիսկոպոսին հետ կայացած հանդիպման ընթացքին։

 «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

 

Հոգեւոր առաջնորդներուն տրուած ծանօթացումի այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը 6 Նոյեմբերի երեկոյեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեսակցեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերյ. Հ. Գրիգոր Պատիշահ Եպիսկոպոսին հետ: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէին Պէյրութի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետական խորհուրդներուն Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Յովհաննէս Պչաքճեանն ու Գարօլին Խաչիկեանը: Տեսակցութիւնը առիթ էր Պէյրութի առաջնորդական թեմի օգնական եպիսկոպոսին հետ արծարծելու համատեղ հետաքրքրութեան զանազան նիւթեր, մայրաքաղաք Պէյրութին վերաբերող թղթածրարներ, քաղաքացիներուն մտահոգութիւններն ու կարիքները, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնած ծրագիրները, որոնք կը միտին լուծել խնդիրներ եւ կենցաղային աւելի լաւ պայմաններ ստեղծել մայրաքաղաքի բնակչութեան՝ ներառեալ պէյրութահայութեան համար: Ժողովականները համաձայնեցան շարունակաբար խորհրդակցիլ եւ համագործակցական ոգիով յաղթահարել մարտահրաւէրները: