Նոյնիսկ եթէ վաղը խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրենք, կայուն խաղաղութեան չենք հասնիր, քանի որ Հայաստանի հիմնական օրէնքը՝ Սահմանադրութիւնը, կը հակասէ ատոր. հետեւաբար, Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը «անխուսափելի» է։ Այս մասին ըսած է ԱՄՆ-ի մէջ Ատրպէյճնի դեսպան Խազար Իպրահիմը Diplomatic Watch ամսագրին տուած հարցազրոյցին։
«Մենք աւարտած ենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի մշակումը։ Յուսով ենք, որ կը կարենանք այն ստորագրել։ Սակայն, ինչպէս միշտ ըսած ենք մեր հայ գործընկերներուն, կան քանի մը կարեւոր եւ բազմակողմանի հարցեր, որոնք պէտք է լուծուին ստորագրումէն առաջ։ Այդպիսի հարցերէն մէկը Հայաստանի Սահմանադրութեան այն դրոյթն է, որ դեռ կ՚արտացոլէ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ», -ըսած է Ատրպէյճանի դեսպանը:
Իպրահիմի խօսքով՝ երկրորդ կարեւոր հարցը, որ պէտք է լուծուի, կապուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարման հետ:
«Այն գոյութիւն ունի միայն թուղթի վրայ եւ խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ։ Մինսքի խումբի լուծարումը ցոյց պիտի տայ, որ հակամարտութիւնն իսկապէս աւարտած է։ Իրականութեան մէջ այն աւարտած է, եւ մենք կը շարժինք դէպի աւելի խաղաղ տարածաշրջան, ուր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի ըլլայ ոչ միայն խաղաղութիւն, այլեւ զարգացում, բարգաւաճում եւ կայունութիւն», - նշած է ան: