Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական Ռաֆֆի Նազարեանի մահը՝ Հալէպի մէջ
Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։
Մահացած է Հալէպահայ համայնքի յարգուած եւ նուիրեալ անդամներէն՝ Ռաֆֆի Նազարեանը։
Ռաֆֆի Նազարեանը միութենական անուանի գործիչ էր եւ իր գործունէութեան հիմնական առանցքը եղած էր ՀՄԸՄ-ը։
Ի դէպ անոր տխուր կորուստին մասին մահագրութիւն մը ներկայացուցած է Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրութիւնը՝
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, հաւատաւոր
ԵՂԲ. ՌԱՖՖԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆ-ի
մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Հոկտ. 2023-ին, Հալէպի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, 19 Հոկտ. 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Եղբ. Ռաֆֆի Նազարեան եղած է սկաուտ, մարզիկ եւ փողերախումբի անդամ։ Երկար տարիներ մաս կազմած է Հալէպի մասնաճիւղի հեծանիւի յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ եղած է հեծանիւի պետական ֆետերասիոնի անդամ։
2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հռչակած ծառայութեան տարուան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 98 ամեակին զոյգ առիթներով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը ծառայութեան տարուայ յուշանուէրով գնահատած է զինք։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հաւատաւոր եղբօր ընտանիքին եւ հարազատներուն:
Յիշատակը անթառամ կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն մէջ: