image
Հրատապ լուրեր:

Նուիրեալ Դաշնակցական Շանթ Եագուպեանի կորուստը

  Նուիրեալ Դաշնակցական Շանթ Եագուպեանի կորուստը

Յետ երկարատեւ հիւանդութեան Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՀՅԴ նուիրեալ անդամներէն՝ Շանթ Եագուպեան։

Համալսարանական կրթութեան տէր Շանթ Եագուպեան կարեւոր գործունէութիւն ծաւալած է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի շարքերուն մէջ։

Շանթ Եագուպեան ներհուն Դաշնակցական  էր, որ հակառակ ամէն տիպի փոթորիկներուն մնաց անդաւաճան իր սկզբունքներուն ու նուիրումով ալ ծառայեց իր պաշտած կուսակցութեան տարբեր կառոյցներուն մէջ։

Եագուպեանի անժամանակ կորուստին մասին մահագրական մը հրապարակած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

Լիբանանի Դաշնակցութեան ընտանիքը կորսնցուց նուիրեալ գործիչ Շանթ Եագուպեանը, որ 30 տարիներ պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ եւ մնաց կուսակցութեան գաղափարական արժէհամակարգին ամուր պաշտպան եւ անոր դաւանած իտէալներուն ու նպատակներուն իրագործման համար յանձնառութեամբ ծառայող տիպար դաշնակցական:

Յիշատակը անթառամ:

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են շաբաթ օր Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ալ անոր մարմինը փոխադրուած եւ ամփոփուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատունը։

 Այս տխուր առթիւ կը յղենք մեր ցաւակցութիւնը  ի մասնաւորի հանգուցեալի տիկնոջ՝  ՀՅԴ Հայ Դատի Մերձաւոր Արեւելքի  գրասենեակի  պատասխանատու՝ Վերա Եագուպեանին։