image

Նորա Սեւակեան նշանակուած է «Արմինիա Միտիա»-ի գործադիր տնօրէն

 Նորա Սեւակեան  նշանակուած է «Արմինիա Միտիա»-ի գործադիր տնօրէն

Աւստրալիոյ  մէջ  հայկական  առաջատար լրատուամիջոցը՝ «Արմինիա Միտիա» ընկերութիւնը, գործադիր տնօրէն  նշանակած է համայնքի  աշխոյժ  դէմքերէն՝ Նորա  Մելոյեան-Սեւակեանը:

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ   «Արմինիա Միտիա» կայքէն։

 

 Աղբիւրը կը գրէ որ Սեւակեան, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան  անդամ է եւ նախապէս ալ  եղած է ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ ատենապետը՝ երկար տարիներ աշխատած է «Արմինիա Միտիա»-ի մէջ, իբրեւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող  հաղորդավար:

 

Ան 17 տարի աշխատած է Կալսթաուն Քոլէճի մէջ, իբրեւ համայնքային յարաբերութիւնները համակարգող։ Սեւակեան՝ վերջերս աշխատած է Նոր Հարաւային Ուէյլսի նախկին վարչապետ՝ Կլէտիս Պէրէճիքեանի ընտրական  շտապին մէջ:

 

Իբրեւ գործադիր տնօրէն, ան իր հսկայական փորձը պիտի ներդնէ, ղեկավարելով «Արմինիա Միտիա»-ի ամենօրեայ գործունէութիւնը:

 

Այս  առթիւ «Արմինիա Միտիա»-ի նախագահ՝ Արամ Թիւֆէնկճեան մասնաւորապէս  ըսաւծ է «Մեր խորհուրդը ուրախ է տիկին Նորա Սեւակեանի նշանակմամբ։ Ան ղեկավարելով ընկերութիւնը, բարձրորակ բովանդակութեամբ հաղորդումներ պիտի մատուցէ մեր համայնքին, ինչպէս նաեւ պիտի զարգացնէ մեր գործը։ Տիկին Սեւակեանին նշանակումը կ՚օգնէ «Արմինիա Միտիա»-ին, իրականացնելու մեր աճի ռազմավարութեան յաջորդ փուլը, քանի որ մենք կը ջանանք բաւարարել աւստրալահայ համայնքի պահանջքները՝ մեր թուային ալիքին ընդմէջէն բովանդակային նորութիւններ սփռելով եւ ցուցադրելով՝ գրաւոր, լսողական կամ տեսողական ձեւաչափերով»:

Սեւակեանը, որ կէս դրոյքով պիտի ղեկավարէ Սիտնիի մէջ տեղակայուած «Արմինիա Միտիա»-ն, ողջունեց իր սրտին մօտ կազմակերպութիւնը ղեկավարելու հնարաւորութիւնը:

«Ես եղած եմ «Արմինիա Միտիա» ընտանիքի անդամ՝ ե՛ւ որպէս խորհուրդի նախկին անդամ, ե՛ւ որպէս հարցազրոյցներ վարող։ Համեստաբար կ՚ընդունիմ գործադիր տնօրէնի պաշտօնը, եւ վստահ եմ, որ  պիտի կարենամ իրականացնել մեր վեհ նպատակները՝ մեր համայնքին մատուցելով այս կարեւոր ծառայութիւնը».- ըսած է Սեւակեան։

Սեւակեան կը շարունակէ իր աշխատանքը, իբրեւ «Australia Live by Armenia Media»-ի գլխաւոր հաղորդավար՝ խոստանալով հարցազրոյցներ կատարել աւստրալահայերը հետաքրքրող տեղական եւ միջազգային  բնոյթի նիւթերու մասին։