image

Նոր Կազան կրնայ դառնալ յոյսի վայր. Ճարետ Քուշները՝ Կազայի զարգացման ծրագրերու մասին

Նոր Կազան կրնայ դառնալ յոյսի վայր. Ճարետ Քուշները՝ Կազայի զարգացման ծրագրերու մասին

Կազայի տարածքը պիտի զարգացնենք գօտիներով, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսայ Ճարետ Քուշները Տաւոսի մէջ «Խաղաղութեան խորհուրդի» կանոնադրութեան ստորագրման արարողութեան ժամանակ։ 

«Նոր Կազան կրնայ դառնալ յոյսի վայր, նոյնիսկ նպատակակէտ՝ զօրաւոր արդիւնաբերութեամբ եւ մարդոց համար բարգաւաճելու եւ իմաստալից աշխատանք գտնելու իրական հնարաւորութիւններով: «Համաս»-ը ստորագրած է ապառազմականացման համաձայնագիր, եւ մենք այդ մտադիր ենք կիրառել։ Մարդիկ անընդհատ կը հարցնեն, թէ ինչ է մեր «փլան Բ.»-ն։ «Փլան Բ.» չկայ։ Մենք ունինք ծրագիր, մենք ստորագրած ենք համաձայնագիր, եւ բոլոր ներգրաւուածները յանձնառու են այն իրականացնելուն»,-ըսած է Քուշները:

Ան նշած է, որ կայ գլխաւոր ծրագիր, եւ այն պիտի իրականացուի փուլերով ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

«Տարածաշրջանին մէջ երեք տարուան ընթացքին պիտի կառուցուին երկու կամ երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող քաղաքներ: Նման նախագիծերը լիովին իրագործելի են, եթէ մենք ատոնք իրականացնենք»,- նշած է Քուշները: