image

Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր հայ գիտնականի խումբը 14.2 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ ստացաւ

Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր հայ գիտնականի խումբը 14.2 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ ստացաւ

Ուղեղը ինչպէ՞ս կը հասկնայ թէ ե՛րբ պէտք է շնչել, ե՞րբ է որ արեան ճնշումը կ'իյնայ, կամ մարմինը ինչպէ՞ս կը պայքարի վարակներու դէմ։

Այս հարցումներու պատասխանները կը գտնուին հետազօտութեան փուլի մէջ։ Ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին պարզելու համար թէ ջիղերու համակարգը ինչպէ՞ս անընդհատ կ'ընկալէ ու կը մեկնաբանէ մարմնի ներքին ֆիզիոլոժիք ազդանշանները, օգնելով պահպանել կենսական գործընթացներու հաւասարակշռեալ գործունէութիւնը։

ԱՄՆի Առողջապահութեան ազգային հիմնարկները դրամաշնորհներ յատկացուցին գիտնականներու խումբի մը, մարդու մարմնի «ինթերոցեփթիֆ» համակարգի առաջին քարտէզը ստեղծելու համար։

Ի պատիւ հայ ժողովուրդի, այս կարեւոր նախագիծը պիտի ղեկավարէ Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մոլեքիւլային կենսաբան եւ ջղաբան, լիբանանահայ գիտնական Արտեմ Փաթափութեան։

Հետազօտողներու խումբը յառաջիկայ 5 տարիներու ընթացքին պիտի ստանայ ընդհանուր առմամբ 14.2 միլիոն տոլարի դրամաշնորհ մը։ Փաթափութեան շնորհակալութիւն յայտնելով վստահութեան համար, կը յայտնէ որ իրենց խումբը պիտի փորձէ պարզել թէ ինչպէ՞ս նէրոնները կը կապուին ներքին գործարաններու հետ, ինչպիսին են սիրտը, ստամոքս-աղիքային համակարգը։ Հաւաքուած տուեալները պիտի ստեղծեն համապարփակ քարտէզ մը։ Ուսումնասիրութիւններու նպատակն է բացայայտել մարմնի եւ ուղեղի միջեւ հաղորդակցութեան հիմնարար սկզբունքները, գետին պատրաստելով հիւանդութիւններու դարմանումի նոր մեթոտներ մշակելու գործին։

Յիշեցնենք որ Արտեմ Փաթափութեան 2021ին Նոպէլի մրցանակակիր դարձած էր՝ կենդանի մարմիններու մէջ հպումի ու ջերմաստիճանի ընկալիչներ յայտնաբերելու համար։