image
Հրատապ լուրեր:

Նիւ Եորքի մէջ Պայտըն- Պայրամով հանդիպում

Նիւ Եորքի մէջ Պայտըն- Պայրամով հանդիպում

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Twitter-ի էջին:

«Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մասնակցած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ 21 սեպտեմբերին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու պատուին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ տրուած ընդունելութեան, յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն:

Միջոցառման ընթացքին տեղի ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարարի եւ ԱՄՆ նախագահի կարճ զրոյցը։