image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոսիա. Մահացած է Արտաշէս Տէր Պետրոսեանը

 Նիկոսիա. Մահացած է Արտաշէս Տէր Պետրոսեանը

Նիկոսիոյ մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Կիպրոսի համայնքի անդամներէն՝ Արտաշէս Տէր Պետրոսեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Հանգուցեալը ծնած էր 1946-ին Երուսաղէմ։ Ան երկար ատեն, որպէս արհեստագիտական ճարտարապետ աշխատած է Քուէյթի մէջ եւ բոլոր առումներով, որպէս նուիրական հայր պահած է իր ընտանիքը։ Աւարտելէ ետք Քուէյթի մէջ իր գործունէութիւնը ՝Արտաշէս Տէր Պետրոսեան կը հաստատուի Կիպրոսի մէջ։

 Ըլլալով առաքին հայր (հանգուցեալը հայր էր 3 զաւակներու եւ մեծ հայր 2 թոռներու) բոլորին կողմէ յարգուած պրն. Արտաշէսը յաջողած է իր զաւակները դաստիարակել ազգային ոգիով։ 

 Ան եղած է նաեւ հաւատարիմ  համակիրը ՀՅԴ-ին ու ՀՄԸՄ-ին ու տարբեր առիթներով ալ դրսեւորած է բարձր գիտակցութիւն եւ նուիրեալ հայու ոգի եւ ներկայութիւն։ Հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ  4 Դեկտեմբերին Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Նիկոսիոյ Ազգային Գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

 Այս առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ մասնաւորապէս ՝Կիպրոսի հայկական համայնքի աշխոյժ անդամներէն, մեր թերթի բարեկամ եւ ՀՅԴ նուիրեալ գործիչ՝ Յարութ Տէր Պետրոսեանին։