image

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է ԱՄՆ-ի փոխնախագահի հետ

Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է ԱՄՆ-ի փոխնախագահի հետ

Ուաշինկթընի մէջ՝ Սպիտակ տան մէջ, տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենսի հետ։

Տեղեկութիւնը յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն։

«Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային օրակարգին վերաբերող հարցեր»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւելցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը փետրուար 1-ին տիկնոջ ուղեկցութեամբ մեկնած է ԱՄՆ` մասնակցելու «Ազգային աղօթքի նախաճաշ»ին եւ «Կրօնի ազատութեան 5-րդ ամէնամեայ միջազգային գագաթնաժողով»ին։