Օրերս, նախագահութեամբ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքին, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի 95-ամեակի տօնակատարութեանց շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է «Երիտասարդ Լուսաւորիչներ» խորագրեալ երաժշտական երեկոն, որ պսակուած է մեծ յաջողութեամբ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Նարեկեան հանդիսասրահին մէջ, 2 Մարտ 2024, Շաբաթ, ժամը 19.00-ին, տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ Լուսաւորիչներ» խորագրեալ երաժշտական երեկոն, որ մաս կը կազմէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի 95ամեակի տօնակատարութեանց։
Հանդիսութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը եւ Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանը։
Ինչպէս նախապէս ալ գրած էինք, համերգին հրաւիրուած էին նաեւ քոյր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ. այսպէս՝ մասնակցեցան Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտը, Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պէյօղլուի շրջանի Անդէաս Մետրոպոլիտը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։
Բաց աստի, ներկայ էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները, Լուսաւորիչ Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդը եւ այլ հիւրեր ու վարչայիններ։ Հանդիսութեան փութացած էին նաեւ երաժշտասէր հասարակութիւնն ու երգչախումբի համակիրները։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ երգչախումբի երիտասարդ անդամներէն Թալիա Սիրեմ Էրօլի եւ Ալէն Զինզալի բացման խօսքով։ Անոնք յայտնեցին որ մասնակից հինգ երաժիշտները իրենց ընտանիքի մէջ ունէին Լուսաւորիչ երգչախումբէ անդամներ եւ կամ անոնք հասած էին Լուսաւորիչ Մանկանց երգչախումբէն։ Ապա, կարգաւ բեմ բարձրացան Նայեատ Գալայլը ջութակով եւ ապա՝ Նայիրի Գալայլը, Ժէրոմ Շիմշէքչաք, Ատիս Տողանայ եւ Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն դաշնակով։ Անոնք դասական երաժշտութենէ օրինակներ հրամցուցին ներկաներուն։
Հանդիսութեան երաժշտական պատասխանատուն էր Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեան։ Տղաքը իրենց տաղանդով մեծապէս գնահատանքի արժանացան եւ ծափերը խլեցին ներկաներուն։ Հանդիսութեան աւարտին երիտասարդներ ստացան յուշանուէրներ ու յուշագրերը։ Այս առթիւ Մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ Յակոբ Մամիկոնեանին յանձնուեցաւ երգչախումբի յուշանուէրը։ Վարիչ Մամիկոնեան իր սրտի խօսքը արտասանելով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից երիտասարդներուն, յետոյ երախտագիտութեամբ նշեց որ այս գեղեցիկ համերգը իրականացած էր երգչախումբի Նախագահ Յարութիւն Վարդապետի առաջնորդութեամբ, անոր եւ Տնօրէն Խորհուրդի տեսլականով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Մեր Հոգեւոր Պետը եւ շեշտեց, որ բոլոր մասնակիցները լաւ տպաւորուած էին այս գիշերէն։ Ուրախութիւն էր, որ քոյր եկեղեցիներէ առաջնորդներ եւ անդամներ եւս հրաւիրուած էին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, որ դասական երաժշտութիւնը ո՛չ միայն տարիքով մեծերու եւ կամ հին սերունդէ անձանց համար հաճելի է, այլ նաեւ՝ այսպիսի երաժշտասէր երիտասարդներու։ Այսօր այս երիտասարդները, իրենց հանճարով լաւագոյնս ցոյց տուած էին որ անոնք շրջանցած էին սիրողականութեան աստիճանը եւ վարպետի նմանողութեան սկսած էին մատուցանել իրենց տաղանդը։ Հարկաւ, թէ անոնց աշխատութիւնը ունէր իր արմատը եւ լուրջ աշխատութեան մը արդիւնքն էր եւ Պատրիարք Հայրը գնահատեց այս աշխատութիւնը։
Մեր Հոգեւոր Պետը նաեւ անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 95-ամեակին եւ ըսաւ, որ այս երգչախումբը Պոլսոյ լաւագոյն երգչախումբերէն մին ըլլալ կը շարունակէ իր անունը տարածելով նոյնիսկ մինչեւ արտասահման։ Այս մէկը պատիւն է նաեւ մեր համայնքին եւ մաղթեց որ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ երգչախումբը շարունակէ իր առաքելութեան, ներգրաւելով նոր անդամներ եւս։ Իր խօսքի աւարտին Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վարդապետի կազմակերպչական եւ առաջնորդական ծառայութիւնը եւ ըսաւ, որ այս տեսարանը ձեւով մը շարունութիւնը եղած է ամրան շրջանին Գնալը Կղզիի մէջ տարուած աշխատութեան։
Հանդիսութեան վերջաւորութեան, որպէս անակնկալ, երգչախումբը Յակոբ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ ու Ատիս Տողանայի դաշնակի ընկերակցութեամբ երգեց «Սիոնի» շարականը։ Բոլոր ներկաները մեծ գնահատանքով արտայայտուեցան ու իրենց ոգեւորութիւնը յայտնեցին մասնակիցներուն ու կազմակերպիչներուն։