Աւելի քան երեք տասնեակ դեմոկրատական եւ հանրապետական օրէնսդիրներ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած են գաղտնի քննարկում կազմակերպել «Համաս»-ին Թուրքիոյ աջակցութեան վերաբերեալ՝ մտավախութիւն յայտնելով, որ խմբաւորումը կրնայ իր կեդրոնակայանը փոխադրել ՆԱԹՕ-ի դաշնակից երկիր, գրած է The Hill:
Օրէնսդիրները հինգշաբթի օր նամակ յղած են արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնսին՝ խնդրելով գաղտնի ճեպազրոյց կայացնել՝ քննարկելու այն լուրերը, որ Քաթարէն վտարուած «Համաս»-ի պաշտօնեաները կ'ողջունուին Թուրքիոյ մէջ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան երկար ժամանակ հանրային աջակցութիւն կը ցուցաբերէ «Համաս»-ի քաղաքական ղեկավարութեան եւ յաճախ հանդիպումներ կ'ունենայ Անգարայի մէջ խմբաւորումներու առաջնորդներուն հետ։
Քոնկրէսականները նշած են, որ Թուրքիոյ երկարամեայ առաջնորդը զինեալները անուանած է «ազատագրական խումբ», իսկ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին «Հիթլեր» որակումը տուած է՝ Կազայի հատուածի մէջ լայնածաւալ աւերածութիւններու եւ պաղեստինցիներ սպաննելու համար:
«Նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի պաշտօնավարման ընթացքին Թուրքիոյ յարաբերութիւնները «Համաս»-ի հետ երկար ժամանակ մտահոգիչ եղած են »,- գրած են օրէնսդիրները։
««Համաս»-ի կեդրոնակայանը ՆԱԹՕ-ի դաշնակից Թուրքիա հնարաւոր փոխադրութեան մասին լուրերը խորապէս մտահոգիչ են եւ կտրականապէս կը սրեն խմբաւորման հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերաբերեալ առկայ մտահոգութիւնները: Հաշուի առնելով այս մտահոգութիւնները՝ կը խնդրենք անյապաղ քննարկում կազմակերպել»,- ըսած են օրէնսդիրները: