Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ Արցախի բնակիչը լրտեսութեան դրդելու հերթական դէպքը։
Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ աշխուժացուցած են Արցախի մէջ բնակող անձերու հետ կապ հաստատելու փորձերը՝ անոնց մօտ խուճապ տարածելու եւ կամ անոնցմէ տեղեկութիւններ հաւաքագրելու նպատակով:
Հերթական պարագային կեղծանուան տակ գրանցուած թելեկրամեան օգտատէրը, ներկայանալով որպէս հայուհի, Արցախի մէջ բնակող անձի հետ սկիզբը վարած է մտերմութիւն ձեւաւորելու նպատակ հետապնդող խօսակցութիւն, անոր ուղարկած է իր մերկ վիճակի նկարները, պահանջած է նոյնպիսի նկարներ, որմէ յետոյ իրենց միջեւ հաղորդակցութեան բովանդակութիւնը հրապարակելու սպառնալիքի տակ պահանջած է տրամադրել տեղեկութիւններ, տարբեր տեղանքներու լուսանկարներ, խոստանալով նաեւ վճարել մատուցուած ծառայութիւններուն դիմաց՝ նախապէս ուղարկուած դրամատնային հաշիւին գումար փոխանցելու եղանակով:
ԱՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը ստուգէ վերը նկարագրուած դէպքին հանգամանքները, Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն տրամադրուած տեղեկութիւններուն բովանդակութիւնը, ծաւալը, ինչպէս նաեւ արարքի կատարման շարժառիթներն ու նպատակները: