ԱՄՆ առեւտուրի նախարարութիւնը հրապարակած է ընկերութիւններու ցանկ, որոնք յայտնուած են սահմանափակումներու ներքոյ՝ ռուս ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նաւալնիի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի պատճառով։ Այս մասին կը յայտնէ TASS-ը։
ԱՄՆ-ը պատժամիջոցներ սահմանած է 14 կազմակերպութիւններու (10 ռուսական, 3 գերմանական եւ 1 զուիցերական) եւ ՌԴ բարձրաստիճան պաշտօնատար 7 անձանց նկատմամբ, որոնք գործած են ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան շահերուն հակառակ։ Ցուցակին մէջ յայտնուած ռուսական ընկերութիւններու շարքին է նաեւ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան 27-րդ գիտական կեդրոնը։
Ինչպէս պարզաբանած են նախարարութենէն, այդ ընկերութիւնները մասնակից են զանգուածային ոչնչացման զէնքի ռուսական ծրագրերուն։
Պատժամիջոցային ցուցակին մէջ յայտնուիլը կը նշանակէ յաւելեալ արտօնագրային պահանջներ արտահանման, վերաարտահանման եւ արհեստագիտութիւններու փոխանցման համար։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել