image

Նաթանիահու-Պայտըն հեռախօսազրոյց. Իսրայէլ հրաժարած է Իրանին հակահարուած տալէ

Նաթանիահու-Պայտըն հեռախօսազրոյց. Իսրայէլ հրաժարած է Իրանին հակահարուած տալէ

Իսրայէլի կառավարութեան որոշ անդամներ առաջարկած են հարուածել Իրանը՝ ի պատասխան յարձակման: 

Սակայն, ըստ New York Times-ի, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն հրաժարած է յարձակալէ Իրանի վրայ։ Որպէս պատճառ նշուած է իրանեան հարուածի պատճառած համեմատաբար փոքր վնասը:

Հրատարակութիւնը նշած է նաեւ, որ որոշ իսրայէլցի նախարարներ եւ օրէնսդիրներ պահանջած են արագ եւ յարձակողական պատասխան տալ Իրանին՝ ատով իսկ ճնշում գործադրելով երկրի ղեկավարներու վրայ։

«Եթէ այս կառավարութիւնը չճանչնայ իր պատասխանատւութիւնը՝ վերականգնելու զսպման տարրը եւ չպատասխանէ՝ Իրանի վրայ յարձակելով, այդպիսով կը վտանգէ Իսրայէլ պետութեան ապագան», -ըսած է աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութենէն Իսրայէլի խորհրդարանի պատգամաւոր Թալի Կոթլիւը։

Միջազգային հանրութիւնը զսպուածութեան կոչ ըրած է Իսրայէլին։

Իրանը շաբաթ՝ 13 ապրիլի գիշեր իր տարածքէն աւելի քան 300 հարուածային անօդաչու թռչող սարք եւ հրթիռ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ, որ Իսլամական Հանրապետութեան առաջին ուղիղ յարձակումն էր Իսրայէլի վրայ: Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Տանիէլ Հակարին ըսած է, որ ընդհանուր առմամբ Իրանը աւելի քան 300 զինատեսակ արձակած է Իսրայէլի ուղղութեամբ՝ 170 անօդաչու թռչող սարք, 30 թեւաւոր եւ 120 պալիսթիք հրթիռ, եւ որ ատոնց 99%-ը որսացած է Իսրայէլի հակաօդային պաշտպանութիւնը:

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ զրոյցին ըսած է, որ Իրանի յարձակnւմն անյաջող էր եւ որ այդ Իսրայէլի համար յաղթանակ էր:

Մինչդեռ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ Իսրայէլի որեւէ նոր արկածախնդրութիւն պիտի արժանանայ աւելի ծանր պատասխանի:

«Հետեւելով մեր երկրի զինուած ուժերու պատմական, հզօր եւ յաղթական գործողութեան՝ ապրիլ 13-ի ռազմական յարձակման, որ ծրագրուած եւ իրականացուած է ի պատասխան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նպատակներու եւ շահերու դէմ սիոնիստական ռեժիմի թշնամական գործողութիւններու, Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը, երկրի բոլոր պաշտպանական եւ քաղաքական հատուածներու հետ համագործակցութեամբ եւ համակարգմամբ, երէկ երեկոյեան նոր էջ բացած է Իրանի հեղինակութեան պատմութեան մէջ եւ դաս տուած սիոնիստ թշնամիին», -ըսած է Իրանի նախագահը:

Իրանի Զինուած ուժերու ընդհանուր Սպայակոյտի պետ, զօրավար-մայոր Մոհամատ Հոսէյն Պաղերին, մեկնաբանելով Իրանի գիշերային յարձակումն Իսրայէլի վրայ, յայտարարած է, որ իրենք այս գործողութիւնը կը դիտարկեն որպէս արդիւնք եւ իրենց տեսանկիւնէն այն աւարտած է, այն շարունակելու մտադրութիւն չկայ:

«Բայց եթէ սիոնիստական ռեժիմը որեւէ քայլ ձեռնարկէ նաեւ մեր դէմ, մեր հողի վրայ կամ Սուրիոյ մէջ կամ այլ երկրի մէջ մեզի պատկանող կառոյցներու մէջ, մեր յաջորդ գործողութիւնն աւելի մեծ պիտի ըլլայ», - նախազգուշացուցած է Պաղերին: