image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահութեամբ Հ. Գառնիկ ծ.վրդ Յովսէփեանի. Խաչվերացի տօնը՝ Գամիշլիի մէջ

Նախագահութեամբ Հ. Գառնիկ  ծ.վրդ Յովսէփեանի. Խաչվերացի տօնը՝ Գամիշլիի մէջ

Խաչվերացի  հոգեպարար  տօնը նշուեցաւ  Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքէն ներս։ 

Այս մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  «Ապունա»  կայքի   լրագրող՝ Ռաֆֆի Սայէղէն, որ  այս առթիւ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Յովսէփ եկեղեցւոյ Ծուխը, այս Կիրակի առաւօտեան, Սուրբ Յովսէփ Մայր տաճարին մէջ պատարագով տօնեց Խաչվերացի տօնը, նախագահութեամբ՝ Հ. Գառնիկ  ծ. Վրդ. Յովսէփեանի եւ աջակցութեամբ՝ Նուպար սարկաւագ Մելքոնեանի, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ զաւակներուն ու երիտասարդներուն։

Հայր  Յովսէփեան իր քարոզի ընթացքին խօսեցաւ Հայոց Եկեղեցւոյ Խաչվերաց տօնի նշանակութեան եւ մեր կեանքի մէջ այս օրուան կարեւորութեան մասին, յատկապէս այն դժուարին ժամանակներուն, որոնց ականատեսն է մեր երկիրը։ Այն ցաւերը, որ այսօր մենք ունինք եւ կ՚ապրինք, Յարութեան Տիրոջը միջոցով պիտի վերածուին ուրախութեան եւ նոր յոյսի:

Եկեղեցւոյ երգչախումբի շարականներուն ներքոյ օրհնուեցան ռեհաններն ու երկրի չորս ուղղութիւնները՝ ըստ Հայ եկեղեցւոյ ծիսակարգի։

Այս օրը կը զուգադիպէր նաեւ Հայր Յովսէփեանի քահանայական ձեռնադրութեան 

21-րդ տարեդարձին, որուն առիթով, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կատարուեցան շնորհաւորանքներ։

Լաւագոյն մաղթանքներ Հայր Գառնիկ Հովսեփեանին՝ քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ անոր ծառայութեան մէջ՝ բարեխօսութեամբ Սրբուհի Մարիամին՝ Զըմմարի Տիրամոր եւ երանելի նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանին։