image

Նախագահ Սարգսեան մերժեց ստորագրել զօր. Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու որոշումը

Նախագահ Սարգսեան մերժեց  ստորագրել  զօր. Գասպարեանը   պաշտօնանկ ընելու որոշումը

 ՀՀ  Նախագահ   Արմէն Սարգսեան  մերժած է ստորագրել  աւելի վաղ  իրեն ուղարկուած  եւ   ՀՀ ԶՈՒ Գլխաւոր Շտաբի    ղեկավար  զօր. Օննիկ Գասպարեանը  պաշտօնանկ ընելու որոշումը։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը  տարածուած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանի նախագահը կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ   երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական   տագնապի  հանգուցալուծումը ապահովելու համար։