image

Նահատակ կամաւորները յետ մահու պարգեւներ ստացած

Նահատակ կամաւորները  յետ մահու պարգեւներ ստացած

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով` 27 սեպտեմբեր 2020-ին թշնամիին սանձազերծած լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ժամանակ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար պարգեւատրուեցան ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» գումարտակի նահատակ կամաւորները:

Պարգեւները յանձնեցին Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Արցախի հերոս, զօր. Վիթալի Բալասանեան, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»-ի գումարտակի հրամանատար Հարմիկ Յովսէփեան, ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում»-ի գումարտակի ընդհանուր հրամանատար Արտաշէս Մխիթարեան:

Յետմահու «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ ստացան Մհեր Յարութիւնեան եւ Գեղամ Մուշեղեան, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշաններ` Քրիստափոր Արթին, Կիմ Խաչատրեան եւ Մայիս Նազարեան:

Նահատակ միւս մարտիկները արժանացան «Արիութեան համար» մետալի:

Ընդհանուր առմամբ՝ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութենէն յետմահու պարգեւատրուած է 27 կամաւոր։ Պարգեւներն ստացած են անոնց զաւակները, կիները եւ ընտանիքի անդամները: