image

Մուսալեռցի գրող՝ Արսէն Ճանեանի մահը Երեւանի մէջ։

Մուսալեռցի գրող՝ Արսէն Ճանեանի մահը Երեւանի մէջ։

Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով Մուսալեռցի գրող՝ Արսէն Ճանեանը։

Այս մասին իմացանք համացանցէն։

 Նշենք, որ հանգուցեալը եղած է Թուրքիոյ մէջ ոտքի մնացող միակ հայկական գիւղէն եւ ան 1978 թուականէն սկսեալ հաստատուած էր Երեւանի մէջ։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք Արսէն Ճանեանի մասին Պոլսոյ «Մարմարա» պարբերականին կողմէ հրապարակուած հակիրճ մահագրականը։

Երեւանի մէջ երէկ (5 մարտ) իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, գրող, մտաւորական Արսէն Ճանեան, հաւատաւոր այն հայը, որ միշտ մնաց սկզբունքներու տէր, եղաւ նուիրեալ ծնող եւ հայր, սիրեց հայրենիքը եւ իր ամէնէն թանկ գանձը, որդին զոհաբերեց հայրենի հողին։

 

Մարդ արարածը բնորոշող յատկանիշներու շարքին հաւանաբար ամէնէն ծանրը, միաժամանակ ամէնէն պատուաբերը նահատակ զինուորի ծնող, հայր ըլլալն է ու մենք ահաւասիկ, նախ որպէս այդպիսին, յետոյ որպէս բանաստեղծ, ուսուցիչ ու մտաւորական կը յիշենք սիրելի Արսէն Ճանեանը:

 

Մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի բարեկամներէն էր, ծնունդով Մուսալեռցի։ Ծնած էր 1938ին, Մուսալերան Վագըֆգիւղին մէջ: Տեղւոյն վարժարանի մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք եկած էր Պոլիս եւ դպրոցական ուսումը ամբողջացուցած Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Իսթանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժնէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք սկսած էր դասաւանդել մեր վարժարաններուն մէջ՝ որպէս հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։ Աշխատակցած էր Մարմարա-ին, հրատարակելով բանաստեղծական հատորներ։

 

1978ին անկիւնադարձային որոշում մը առնելով, ընտանիքը տեղափոխած էր Հայաստան, հոն եւս ուսուցչագործած էր այս անգամ որպէս թրքերէն լեզուի ու գրականութեան դասախօս՝ Երեւանի պետական համալսարանի մէջ։

 

Հայաստան հաստատուելէ առաջ 1960-1970-ականներուն Իսթանպուլի մէջ հրատարակած էր «Արեւուն տակ», «Հողին հետ» եւ «Միայն 1500 տող» բանաստեղծութիւններու ժողովածուները, այնուհետեւ Երեւանի մէջ «Աղբիւր»ը՝ 1980ին ու «Ես գալիս եմ իմ պապի գրկից»ը «2010»ին: 1968ին արժանացած էր «Սարգիս Պօղոսեան» գրական մրցանակին։ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ էր:

 

Արսէն Ճանեանի ընտանիքը կը բնակէր Երեւանի Աւան թաղամասին մէջ։ Կողակցին՝ Հերմինէի հետ միասին հասցուցին արժանաւոր երկու զաւակներ՝ Յաւերժն ու Կարէնը։ Ցաւօք Կարէնը որպէս կամաւոր մասնակցեաւ արցախեան առաջին պատերազմին ու նահատակուեցաւ։ Որդւոյն մահէն տարիներ ետք հրատարակուեցաւ «Մտաւորական մարտիկը» անունով հատորը։ Գալով Յաւերժին, ան նոյնպէս թրքերէն լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ դարձած է, դասաւանդելով Երեւանի պետական համալսարանի մէջ:

 

Արսէն Ճանեան վերջին մէկ ամիսը սրտի ու թոքերու խնդիրներէ կը տառապէր: Հիւանդութիւնը շատ շուտ զգետնեց զինքը, փրցնելով իր կեանքի թելը։ Անոր մարմինը վաղը հողին պիտի յանձնուի Նորքի գերեզմանատան մէջ։

 

Սրտանց կը ցաւակցինք Տիկին Հերմինէին, սիրելի Յաւերժին, ամուսնոյն եւ որդւոյն, Ճանեան ընտանիքներուն եւ բոլոր մերձաւորներուն։