«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը մայիս 12-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքին քաղաքացիներուն կոչ ըրած է առաւօտեան 8-էն անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացնել։
Ան շեշտած է վարչապետի պաշտօնէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը՝ ըսելով, որ պիտի ձեւաւորուի անցումային կառավարութիւն։ Բագրատ սրբազանը ներկայացուցած է, թէ ինչ պէտք է իրականացնէ նոր կամ անցումային կառավարութիւնը Փաշինեանի հրաժարականէն ետք, առանձնացուցած է 19 կէտ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով՝ Երեւանի մէջ մայիս 13-ի վաղ առաւօտէն անհնազանդութեան գործողութիւններ կ՚ընթանան: Քաղաքացիները մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներ կը փակեն։
ՆԳՆ ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ ժամը 10-ի դրութեամբ` անհնազանդութեան արշաւ իրականացնելու համար բերման ենթարկուած է 88 քաղաքացի։
Ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ այս պահուն (11:10 ի դրութեամո) Երեւանի մէջ փակ փողոցներ չկան: Բերման ենթարկուած է առաւօտէն մեկնարկած անհնազանդութեան գործողութիւններու 151 մասնակից։