image

Անհնազանդութեան գործողութիւններ Երեւանի մէջ․ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է հասարակական կարգը խախտողները

Անհնազանդութեան գործողութիւններ Երեւանի մէջ․ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է հասարակական կարգը խախտողները

Բագրատ Գալստանեանի համակիրները անհնազանդութեան գործողութիւններ կ՚իրականացնեն Երեւանի տարբեր հատուածներու մէջ։ Ոստիկանութիւնը հասարակական կարգը խախտողները բերման կ՚ենթարկէ։

Քաղաքացիները ժամը 11-էն փակած են Յաղթանակի կամուրջը, փակ է նաեւ Թբիլիսեան խճուղին, «Սասունցի Դաւիթ» կայարանի դիմացի հատուածը:

Յիշեցնենք, որ երէկ Գալստանեանը յայտարարած էր, որ այսօր հանրահաւաք պիտի չըլլայ, փոխարէնը պիտի իրականացուին անհնազանդութեան գործողութիւններ։

Իսկ Կիրակի երեկոյեան, ժամը 18:30-ին պիտի հաւաքուին եւ յստակ պայմանաւորուին, թէ ինչ պիտի իրականացնեն, ուր, ինչ չափով, ինչ ձեւ։