image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան Պաքուին կոչ կ'ընէ Ղարաբաղի բնակչութիւնը չդարձնել Երեւանի հետ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ

Մոսկուան Պաքուին կոչ կ'ընէ Ղարաբաղի բնակչութիւնը չդարձնել Երեւանի հետ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի խօսքով՝ 15 յունիսին Լաչինի միջանցքի մէջ գրանցուած միջադէպը կապուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատուած չըլլալու խնդրի հետ:

Ան հերթական անգամ ռուսական կողմի  խորհրդատւութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ սահմանազատման աշխատանքն արդիւնաւէտ իրականացնելու համար։

«Խաղաղապահները սերտօրէն կ'աշխատին կողմերու հետ՝ իրավիճակը կարգաւորելու համար։ Անոնք յստակ կը կատարեն իրադրութեան կայունացման եւ իրենց պատասխանատւութեան գօտիին մէջ հրադադարի ռեժիմի պահպանման խնդիրը։ Ռուս խաղաղապահներու հասցէին հնչած մեղադրանքները բացարձակապէս անհիմն են»,- 21 յունիսին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Զախարովան։

Ռուսական կողմը կ'ակնկալէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարունակեն կատարել 2020-ի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները։

«Կոչ կ'ընենք Երեւանին չհրաժարելու եռակողմ ձեւաչափերով աշխատանքէն։ Անոնց անգործութիւնը բացասաբար  կ'անդրադառնայ տարածաշրջանի իրավիճակի վրայ եւ ընդհանուր առմամբ կը յանգեցնէ իրավիճակի սրման: Պաքուին կոչ կ'ընենք քայլեր ձեռնարկելու միջանցքի ամբողջական ապաշրջափակման համար եւ Ղարաբաղի բնակչութիւնը չդարձնել Երեւանի հետ քաղաքական տարաձայնութիւններու պատանդ։